ՈՉ ԵՒՍ Է ԹԱՔՍԻՄԻ ՆԱԽԿԻՆ ԴԱՐՊԱՍԱՊԱՀ ՍԱՐԳԻՍ ՉԱԼԸՇ

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է մեր մար­զա­կան աշ­խար­հի յայտ­նի եւ ար­դէն ան­մո­ռա­նա­լի ա­նուն­նե­րէն Սար­գիս Չա­լըշ, որ ան­ցեա­լի մէջ ե­ղած էր Թաք­սիմ մար­զա­կում­բի դար­պա­սա­պահ­նե­րէն մին։ Իր յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը այ­սօր տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Պէ­յօղ­լուի Ս. Եր­րոր­դու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։

Ըստ Շիշ­լի մար­զա­կում­բի վար­չու­թեան ա­տե­նադ­պիր Ժի­րայր Քը­լըչ­տա­ղի կող­մէ մե­զի փո­խան­ցուած կեն­սագ­րա­կան ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն, Սար­գիս Չա­լըշ 1950 թուա­կա­նին ծնած էր Սի­նո­բի մէջ։ Փոքր տա­րի­քին Իս­թան­պուլ հաս­տա­տուած էր ըն­տա­նի­քին հետ։ Է­սաեան վար­ժա­րա­նին մէջ կար­դա­ցած էր ա­ռա­ջին դա­սա­րա­նը, իսկ ա­ւե­լի վերջ ու­սու­մը շա­րու­նա­կած՝ իր ապ­րած թա­ղի դպրո­ցին մէջ։ Նիւ­թա­կան դժուա­րու­թիւն­նե­րու բե­րու­մով նա­խակր­թա­րա­նէն ան­մի­ջա­պէս վերջ նե­տուած էր գոր­ծի կեան­քի, ե­ղած էր ար­հես­տա­ւոր։

Տասն­չորս տա­րե­կա­նին Սար­գիս Չա­լըշ ընդգր­կած էր նաեւ մար­զա­կան աս­պա­րէ­զը եւ սկսած՝ ֆութ­պոլ խա­ղալ։ 1968-69 տա­րեշր­ջա­նին ա­ռա­ջին ան­գամ որ­պէս ար­հես­տա­վարժ մաս­նակ­ցե­ցաւ Գ. լի­կի խում­բե­րէն Պէ­յօղ­լուս­փո­րի կազ­մին։ Հայ­րե­նակ­ցա­կան պար­տա­կա­նու­թիւ­նը կա­տա­րե­լէ վերջ, 1972-ին դար­ձեալ Գ. լի­կի Գո­նիա Է­րէյ­լիս­փոր եւ 1976-ին ալ Բ. լի­կի Պա­լը­քէ­սիրս­փո­րի դար­պա­սա­պա­հը ե­ղաւ։ 1978-ին Թուր­քիոյ Ա. լի­կի Քը­րըք­քա­լէս­փո­րի դար­պա­սա­պահն էր։ 1980-ին փո­խան­ցուե­ցաւ Գ. լի­կի Քա­րա­կիւմ­րիւքս­փո­րի եւ այս ա­կում­բի ֆութ­պո­լի կազ­մը իր շրջա­նին բարձ­րա­ցաւ մին­չեւ Թուր­քիոյ Ա. լի­կը։ Սար­գիս Չա­լըշ ան­փո­խա­րի­նե­լի ներդ­րում մը ու­նե­ցաւ այդ վե­րել­քին մէջ։ Այդ շրջա­նին մա­մու­լը միշտ կը հիւ­սէր իր դրուա­տի­քը։ Ա­ւե­լի վերջ տա­րի մը ե­ղաւ Թաք­սի­մի դար­պա­սա­պա­հը։ Յե­տոյ ան­ցաւ Ֆէ­րի­քէօյս­փոր, ա­ւե­լի վերջ ալ թէ՛ որ­պէս դար­պա­սա­պահ եւ թէ որ­պէս մար­զիչ միա­ցաւ Կիւ­վէնս­փո­րին։

1991-ին Սար­գիս Չա­լըշ մեկ­նե­ցաւ Գեր­մա­նիա, ուր ե­րեք տա­րի ե­ղաւ Ախ­թա­մար խում­բի մար­զիչն ու դար­պա­սա­պա­հը։ Հինգ տա­րի ալ նոյն պաշ­տօն­նե­րով ծա­ռա­յեց Թու­նաս­փո­րին։

Գեր­մա­նիա­յէն վե­րա­դառ­նա­լէ վերջ մին­չեւ 2008 թուա­կա­նը ե­ղաւ Թաք­սի­մի դար­պա­սա­պահ­նե­րուն մար­զի­չը։ Մար­զա­կան կեան­քէն հե­ռա­նա­լուն զու­գա­հեռ սկսաւ պաշ­տօ­նա­վա­րել Պէ­յօղ­լուի Ս. Եր­րոր­դու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ մօտ։

Սար­գիս Չա­լըշ դժբախ­տա­բար վեր­ջին տա­րի­նե­րուն կը տա­ռա­պէր ա­նո­ղոք հի­ւան­դու­թե­նէ, ո­րու հե­տե­ւան­քով 65 տա­րե­կան հա­սա­կին աչ­քե­րը փա­կեց կեան­քին՝ դժբախ­տա­բար քիչ մըն ալ ան­ժա­մա­նակ ձե­ւով։ Ան ար­ժա­նա­ցած էր բո­լո­րի յար­գան­քին ու հա­մակ­րան­քին։ Ու­նէր ե­րեք զա­ւակ եւ եօթ թոռ։

Մեր մար­զա­կան շրջա­նակ­նե­րը բա­ռին բուն ի­մաս­տով կը սգան իր կո­րուս­տը։ 

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2015