ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ

Օր­թա­գիւ­ղի Թարգ­ման­չաց վար­ժա­րա­նին մէջ հայ մշա­կոյ­թի շա­բա­թը նշուե­ցաւ մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ։ Թարգ­ման­չաց տօ­նին եւ մշա­կոյ­թի շաբ­թուան առ­թիւ հա­մայն­քա­յին վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­ներն ալ հա­մախմ­բուե­ցան Օր­թա­գիւ­ղի մէջ։ Այս առ­թիւ ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ Թարգ­ման­չաց վար­ժա­րա­նի տնօ­րէն Ա­րաս Տե­լի­ճէ, որ մատ­նան­շեց Գի­րե­րու գիւ­տին կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը եւ կանգ ա­ռաւ հայ մշա­կոյ­թի գո­յա­տեւ­ման վրայ։

Ձեռ­նար­կին շրջագ­ծով տղա­քը մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին պա­րի, գծագ­րու­թեան, ե­րաժշ­տու­թեան, հայ­կա­կան տա­րազ­նե­րու, գրա­կա­նու­թեան եւ խո­հա­նո­ցի աշ­խա­տա­նոց­նե­րուն՝ պա­տաս­խա­նա­տու ու­սու­ցիչ­նե­րու հսկո­ղու­թեան ներ­քեւ։

Փոք­րիկ­նե­րուն հա­մար հա­ճե­լի էր նաեւ հե­տե­ւիլ Թա­գու­հի Զա­մա­նին կող­մէ պատ­րաս­տուած հրու­շա­կին՝ Ս. Թարգ­ման­չաց վար­դա­պե­տաց ի յի­շա­տակ։

Միաս­նա­բար ճա­շե­լէ վերջ ա­շա­կերտ­նե­րը վար­ժա­րա­նի սրա­հին մէջ ցու­ցադ­րե­ցին աշ­խա­տա­նո­ցի ի­րենց ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2015