ՖԷՐԻԳԻՒՂՑԻՆԵՐՈՒՆ ԿՈՉԸ
Այս շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին ի նպաստ տարեկան սիրոյ սեղանը, որ ճակատագրական նշանակութիւն կը ներկայացնէ մեր այս կարեւոր կրթօճախի կայուն երթին տեսանկիւնէն։ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը այս տարուան սիրոյ սեղանին ընդառաջ եւս ձեռնարկած է որոնումներու, որպէսզի համայնքային շրջանակները առաւելագոյնս շարժման անցնին իրենց զօրակցութիւնը բերելու համար Մէրամէթճեան վարժարանին։ Մինչ այս շաբաթավերջին համայնքային շրջանակները ժամադրուած են Ֆէրիգիւղի մէջ, թաղի պատասխանատուներն ալ կը ջանան Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ զօրակցութիւնը հասցնել առաւելագոյնին, որովհետեւ մեր հաւաքական կեանքէն ներս այս թաղը առանցքային նշանակութիւն մը ունի իր մարդուժով։
Երէկ, սիրոյ սեղանին ընդառաջ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցիէն խումբ մը արժէքաւոր ներկայացուցիչներ, որոնք մեր այցելութեան փութացած էին թաղին ու մանաւանդ վարժարանին վերջին կացութեան շուրջ մանրամասնութիւններ փոխանցելու առաջադրութեամբ։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին ատենապետ Մանուկ Էօղէր, Քորայ Աշճը, Նուրհան Փալաքօղլու, Ազնիւ Մեծատուրեան եւ Գարէն Քէօսէօղլու-Թէրզեան։ Ֆէրիգիւղի թաղային խորհուրդը, որ մեր մամուլին հետ սերտ եւ առողջ կապեր կը պահէ, փափաքած էր հերթական անգամ մեր մամուլին միջոցաւ նաեւ համայնքային շրջանակներուն փոխանցել իր պատգամը։ Արդարեւ, Մէրամէթճեան վարժարանը նախանձելի դիրքի վրայ եւ վերելքի հունի մէջ պահելու առաջադրութեամբ Ֆէրիգիւղի ընտանիքը բազմակողմանի ու տենդագին աշխատանքի ձեռնամուխ եղած է։ Ֆէրիգիւղցիները այս հանգրուանին կոչ մըն ալ ունին մեր ամբողջ համայնքին համար։ Արդարեւ, անոնք կը դիտարկեն, որ այլեւս պէտք է բաւ համարել շինարարական աշխատանքները ու պէտք է զարկ տալ կրթական, մշակութային ու գեղարուեստական ծրագրերուն, որպէսզի լաւագոյնս արժեւորուած ըլլայ շինարարութիւններուն համար կատարուած զոհողութիւնը եւ արդարանայ կատարուած ներդրումը։ Մեզի հետ զրուցելու ընթացքին ատենապետ Մանուկ Էօղէր ըսաւ. «Այլեւս պէտք է կեդրոնանալ մեր համայնքի ապագային համար մարդուժ պատրաստելու գործին վրայ»։
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը երկար տարիներէ ի վեր կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէրներ։ Արդարեւ, մեր հաւաքական կեանքի պայմաններով այս թաղը կ՚ազդուի հակասական հաւասարակշռութիւններէ։ Ֆէրիգիւղը մարդուժի առումով մեր ամենաբազմանդամ թաղը կը հանդիսանայ։ Նոյնիսկ իր գտնուած Շիշլիի գաւառակի բնակչութեան շուրջ 10 տոկոսին համապատասխանող հայկական ներկայութիւն մը կայ այնտեղ։ Այս լուրջ մարդուժէն կը սնուի մեր ամբողջ համայնքը։ Ֆէրիգիւղի թաղեցիներու զաւակները ոչ միայն կը յաճախեն Մէրամէթճեան վարժարան, այլ նաեւ նոյնիսկ թաղին մէջ կամ մերձակայքին գտնուող մեր վարժարաններու աշակերտները այդ շրջանի բնակիչներն են։ Դպրոցի պարագային առընթեր, նոյն երեւոյթը ի զօրու է նաեւ երգչախումբերու, պարախումբերու եւ այլ ամէն տեսակ ընկերամշակութային կառոյցներու կամ շարժումներու պարագային։ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցին ունի շատ կատարեալ ու նախանձելի դիրքի վրայ դպրաց դաս-երգչախումբ մը, սակայն նուազ չեն նաեւ այս թաղի բնակիչները եւ միւս դպրաց դաս-երգչախումբերու կազմերէն ներս։ Օրինակները կարելի է բազմացնել զանազան ուղղութիւններով։ Թաղային խորհուրդը խորքին մէջ ուրախ է, որ թաղեցիները այսպիսի լուրջ ու ծաւալուն մասնակցութիւն կը բերեն համայնքային կեանքին։ Բայց եւ այնպէս, այս մեծ մարդուժով հանդերձ, Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ մշտական հասոյթի աղբիւրները չափազանց սահմանափակ են։ Նկատի ունենալով, որ պատմականօրէն աւելի մօտաւոր անցեալին ձեւաւորուած եւ հայահոծ դարձած թաղ մըն է Ֆէրիգիւղ, Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ կալուածները կը հաշուուին գրեթէ մատի վրայ։ Աւելի խոր անցեալով մեր թաղերու եկեղեցիները այսօր ունին շատ աւելի թիւով կալուածներ, սակայն կը պակսի իրենց մարդուժը, իսկ Ֆէրիգիւղի պարագային կ՚ապրուի ճիշդ հակառակը։ Ահա այս հակասական հաւասարակշռութիւններուն մէջ է, որ Ֆէրիգիւղի թաղականները կը պայքարին կենսունակ պահելու համեր եկեղեցին, դպրոցը եւ յարակից բոլոր մարմինները։
Մանուկ Էօղէր եւ իր ընկերները երէկուան մեր զրոյցին ընթացքին շեշտեցին, որ Մէրամէթճեան վարժարանի պարագային անցեալ տարիէ ի վեր ապրուած են թէեւ մասնակի բարելաւումներ, սակայն յամենայնդէպս տարեկան պիւտճէի հաւասարակշռութեան ճանապարհին իրենք միշտ պարտաւորուած կը մնան լրացնել պիւտճէի մեծ, ահաւոր բաց մը։ Այս տարի պատկան իշխանութիւններուն կողմէ մեր վարժարաններուն «տնտեսական ձեռնարկ» դասուիլը տուրքերու յաւելեալ բեռ մըն ալ կը բերէ դպրոցին։ Յամենայնդէպս, թաղային խորհուրդը չի փափաքիր ահազանգային ձեւով արձագանգել այս երեւոյթին, որովհետեւ համայնքին կողմէ շփումներ մշակուած են պատկան մարմիններուն հետ եւ աշխատանքներ յառաջ կը տարուին՝ առկայ խնդրի յաղթահարման համար։ Ֆէրիգիւղի թաղային խորհուրդն ալ այս առումով դրական սպասումի մը մէջ է, հետեւաբար առայժմ յարմար չի դատեր չափազանցուած հակազդեցութիւններով հանդէս գալը։ Թաղականները շեշտեցին, որ իրենք անհրաժեշտ կը նկատեն սոյն հարցին փութով կարգաւորումը։
Ֆէրիգիւղցիները այս տարուան սիրոյ սեղանին ընդառաջ Մէրամէթճեան վարժարանի պարագային պիւտճէի շատ լուրջ նախապատրաստական աշխատանք մը կատարած են։ Թէ՛ Պատրիարքարանին եւ թէ Համայնքային վաքըֆներու հարթակի ելմտական յանձնախումբին կողմէ հաւանութեան արժանացած է այդ պիւտճէն։ Հակառակ պետութեան կողմէ դրական տրամադրութիւններով փոխանցուած օժանդակութեան, դժբախտաբար, պիւտճէի ահաւոր բացը կը մնայ առկայ։ Ինչպէս մեր զանազան վարժարաններու մատակարար մարմինները, այնպէս ալ Ֆէրիգիւղի թաղային խորհուրդը կը դիտարկէ, որ մեր համայնքը կարելիութիւն չ՚ունենար առաւելագոյն արդիւնաւէտութեամբ արժեւորելու Ազգային կրթութեան նախարարութեան կողմէ փոխանցուած յատկացումները։ Դժբախտաբար, այդ յատկացումներով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ աշակերտներու ծնողներուն կողմէ կատարուած նուիրատուութիւններուն համեմատութիւնը նուազած է։ Այս երեւոյթը առաւել եւս խնդրայարոյց հետեւանքներ կ՚ունենայ Ֆէրիգիւղի պարագային, որովհետեւ Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտներուն շուրջ 70 տոկոսը ամէն ամիս միջին հաշուով հազիւ թէ 100 թրքական լիրայի սահմանին մասնակցութիւն մը կրնայ ունենալ կամ լումայ մը կրնայ ներդնել դպրոցի պիւտճէին։ Հետեւաբար, Ֆէրիգիւղի թաղային խորհուրդը համայնքային շրջանակներու աչալրջութեան կ՚ապաւինի՝ հերթական անգամ վարժարանի պիւտճէն հաւասարակշռելու եւ անոր առաքելութիւնը անխաթար պահելու ճանապարհին։
Ֆէրիգիւղցիները այս հանգրուանին համայնքէն ներս մտայնութեան առումով ալ մօտեցումներու փոփոխութիւն մը կ՚ակնկալեն։ Արդարեւ, Ազգային կրթութեան նախարարութեան կողմէ մեր բոլոր վարժարաններուն յակացումներ կը կատարուին՝ անոնց աշակերտութեան թիւին հիման վրայ։ Այսինքն, իրենց իսկ միջոցներով ինքնաբաւ մեր շարք մը դպրոցներն ալ կ՚օգտուին այդ յատկացումներէն։ Տարօրինակ երեւոյթներէն մին այն է, որ թաղի յարաբերաբար բարեկեցիկ ընտանիքներուն զաւակները այլ ինքնաբաւ վարժարաններու աշակերտութեան բացը կը լրացնեն, այս երեւոյթէն կը տուժէ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանը, սակայն այդ ինքնաբաւ թաղերը իրենց համար կատարուած պետական յատկացումէն բաժին դուրս չեն բերեր ո՛չ Ֆէրիգիւղին եւ ոչ ալ նիւթապէս անբաւարար ուրիշ դպրոցներուն համար։ Հաշուի առնելով, որ մեր դպրոցներու աշակերտութեան ընդհանուր թիւն ալ կը նուազի, ֆէրիգիւղցիները ահազանգային կը համարեն մեր կրթական համակարգի հաւասարակշռութիւնները։ Ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ իր ընկերները համոզուած են, թէ կրթութիւնը առեւտրական գործարք մը չէ եւ այդ նպատակաւ կատարուած ներդրումները երբեք մսխում չեն նկատուիր։ Մնաց, որ մեր կրթական մշակներն ալ այսօր պատշաճ մակարդակով չեն վարձատրուիր։ Եթէ մեր սերունդներուն անհրաժեշտ մակարդակի վրայ կրթութիւն մը չջամբուի, ապա մեր համայնքը ապագային պիտի պարտաւորուի հաւաքական առումով շատ աւելի լուրջ մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու։ Ուրեմն, Ֆէրիգիւղի ընտանիքը այս տրամադրութեամբ եւ տարի մը եւս դպրոցը փորձութիւններէ հեռու պահելու վճռակամութեամբ կը պատրաստուի տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանին՝ միշտ վստահելով համայնքի զօրակցութեան ոգիին եւ հեռատեսութեան։
Մատաղօրհնութեան ընդառաջ յաջողութիւն կը մաղթենք Ֆէրիգիւղի ընտանիքին։