ՈՉ ԵՒՍ Է ՊԵՏՐԻ ԵԱԼԸՆ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի շատ սիրուած ու յարգուած դէմքերէն, նաեւ երախտաշատ բարերարներէն Պետրի Եալըն։ Իր կորուստը խոր յուզում պատճառած է համայնքային շրջանակներուն՝ հաշուի առնելով, որ Պետրի Եալըն երկար տասնամեակներ եղած էր մեր հաստատութիւնները կանգուն պահելու նպատակաւ ուղղուած պայքարի առանցքային դէմքերէն մին։

Պետրի Եալըն սեբաստացի ընտանիքի մը զաւակն էր։ Որդին էր նոյնպէս յայտնի համայնքային բարերար Մխիթար Եալընի։ Առեւտրական ասպարէզի մէջ արձանագրած էր լուրջ յաջողութիւններ, որոնք աստիճանաբար նաեւ վերածուած էին արդիւնաբերական ձեռնարկի մը։ Հիմնադիրն ու սեփականատէրն էր «Սուրթել» նշանաւոր լարերու արտադրութեան ընկերութեան։ Այդ ասպարէզէն ներս Պետրի Եալըն ունեցած էր վիթխարի յաջողութիւններ՝ մասնակցութիւն բերելով երկար տասնամեակներ երկրի տեսակէտէ կարեւոր նշանակութեամբ զանազան շինարարական ծրագրերու։

Պետրի Եալըն երկար տարիներ անդամակցած էր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան եւ այդ ծառայութիւնն ալ պատուով կատարած էր՝ բարերարի իր առաքելութեան առընթեր։ Իր հաղորդական նկարագրով, համեստ պահուածքով եւ համայնքէ ներս զօրակցութեան գիտակցութիւնով միշտ յարգանքի եւ համակրանքի արժանացած անձնաւորութիւն մը եղած էր։ Իր կորուստով մեր համայնքի երկնակամարէն կը սահի իսկապէս խորհրդանշական անուն մը, որ մեր անցեալն ու ներկան կը շաղկապէր ամուր ձեւով։

Այս տխուր առթիւ մեր խոնարհումը կը բերենք Պետրի Եալընի բարի յիշատակին առջեւ եւ կը ցաւակցինք իր այրիին՝ Զիւլֆի Եալընի եւ համայն ընտանիքին։ 

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 20, 2018