ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Ֆէրիգիւղի ընտանիքը կը պատրաստուի թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութեան։ Թէեւ նուիրահաւաքը ընթացիկ է, սակայն Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին տեսակէտէ ան արտասովոր ու ճակատագրական նշանակութիւն ունի։ Արդարեւ, այս շրջանին Ֆէրիգիւղի ընտանիքը մեծ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ եւ անոնց յաղթահարման տեսակէտէ օդի եւ ջուրի նման կենսական նշանակութիւն ունին նոր նիւթական միջոցները։

Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի թաղային խորհուրդէն ատենապետ Մանուկ Էօղէրը, Ազնիւ Մեծատուրեանն ու Նուրհան Փալաքօղլուն։ Զրոյցի ընթացքին անոնք տեղեկացուցին, որ համայնքային կեանքը արդէն ծանրաբեռնուած էր դժուարութիւններով, որոնք բազմապատկուեցան քորոնաժահրի համաճարակին հետեւանքով։ Թաղականները ցաւ յայտնեցին, որ հակառակ բոլոր բարդութիւններուն այս շրջանին համայնքէն ներս կարելի չէ եղած ներքին զօրակցութիւնը ամրապնդել։ Ֆէրիգիւղի ընտանիքը միշտ պատրաստ է իր նպաստը բերելու ներքին համերաշխութեան՝ ըլլալով համայնքի ամենաբազմանդամ թաղը։

Այս տարի Մէրամէթճեան վարժարանի պիւտճէի բացը կը կազմէ 2 միլիոն 350 հազար լիրա։ Անցնող ժամանակաշրջանին Պատրիարքարանէ ներս ալ քննարկուած են Ֆէրիգիւղի կարիքները ու ներկայացուած՝ անհրաժեշտ բոլոր մանրամասնութիւններն ու տեղեկութիւնները։ Ըստ թաղականներուն, իրենց ըսուած է, որ այս տարուայ մատաղօրհնութիւններէն վերջ ընդհանուր պիւտճէի բացերը պիտի ենթարկուին արժեւորման ու պիտի որոնուին նոր միջոցներ։

Համաճարակի շրջանը պատճառ դարձած է, որ Ֆէրիգիւղի եկեղեցիին հասոյթն ալ նուազի անհամեմատօրէն։ Եկեղեցւոյ սրահները արդէն օգտագործուելէ դադրած են, յուղարկաւորութիւններու ժամանակ կատարուած նուիրատուութիւնները չեն կատարուիր, բանկալի մոմավառութեան գանձանակի հասոյթն ալ անբաղդատելի է անցեալին հետ։ Մինչդեռ, այդ ամբողջը կը ներդրուէին դպրոցի կարիքներուն համար։

Թաղականները դիտել տուին, որ որքան որ ալ հեռավար ուսուցում ըլլայ, դպրոցի կարիքները չեն դադրիր։ Դպրոցը բաց է եւ անոր բոլոր վճարումները կը կատարուին, բոլոր ծախսերը կը դիմագրաւուին։ Անոնք առանձնապէս երախտագիտութեամբ ու գնահատանքով արտայայտուեցան կրթական մշակներուն մասին։ Արդարեւ, անոնց վարձատրութիւնը արդէն գոհացուցիչ չէ, իսկ այս շրջանին բարի եղած են հանդուրժել վճարումներու բոլոր կաղացումներուն։

Զրոյցի աւարտին, թաղականները ընդգծեցին, որ այսպիսի դժուարին կացութեան մը մէջ կը յուսան, թէ համայնքային շրջանակները առաւելագոյնը պիտի ցուցաբերեն։  

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2020