ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻ ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՆ

Կը տե­ղե­կա­նանք, որ Պա­քըր­գիւ­ղի քա­ղա­քա­պետ Պիւ­լենտ Քե­րի­մօղ­լու խորհր­դա­կան նշա­նա­կած է Յով­հան­նէս Կա­րա­պե­տեա­նը, որ ան­ցեալ շրջա­նին եւս պաշ­տօն զբա­ղե­ցու­ցած էր նոյն քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն ներս։ Քա­ղա­քա­պետ Պիւ­լենտ Քե­րի­մօղ­լու ո­րո­շած է Յով­հան­նէս Կա­րա­պե­տեա­նը պաշ­տօ­նի կո­չել՝ փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայք­նե­րուն հետ քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն գծով ա­նոր խոր­հուրդ­նե­րէն ու փոր­ձա­ռու­թե­նէն օգտուե­լու նպա­տա­կով։

Ծա­նօթ է, որ Պա­քըր­գիւ­ղի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի շրջա­նէն ներս մեր հա­մայն­քը ու­նի լուրջ մար­դուժ եւ կա­րե­ւոր թի­ւով ազ­գա­յին հաս­տա­տու­թիւն­ներ, ո­րոնք վեր­ջին տա­րի­նե­րուն սերտ շփման մէջ ե­ղած են քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի հետ։ Յով­հան­նէս Կա­րա­պե­տեան մե­զի յայտ­նեց, որ պի­տի ջա­նայ այդ նա­խըն­թաց­նե­րը զար­գաց­նել եւ իր նպաս­տը բե­րել՝ քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի եւ մեր հա­մայն­քա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 20, 2015