ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

Կէտիկփաշայի ընտանիքը երէկ ոգեւոր օր մը ապրեցաւ Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբի տարեդարձին առթիւ։ Թաղի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ դպրաց դասու հիմնադրութեան 126-րդ եւ երգչախումբի կազմութեան 81-րդ տարեդարձներուն առթիւ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններ։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան, Արման Սրկ. Մարաշլեան, Տիգրան Սրկ. Պեսքիսիզեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Գէորգ Չաղլըչուպուքճուի եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ Հերման Փորթագալեանի, նաեւ Մասիս Սասուն Գափի։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Ներկայ էին Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, որոնց միացաւ նաեւ Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան։ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յարութիւն Շանլը եւ իր ընկերները, քոյր դպրաց դաս-երգչախումբերէ ներկայացուցիչներ, նախկին կէտիկփաշացիներ, համակիրներ եւ հիւրեր համախմբուած էին սիրոյ սեղաններուն շուրջ։ Տնօրէն խորհուրդի ատենապետ Տիրան Պոստան եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։

Յայտագրին տեւողութեան ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Տիրան Պոստան, որ բացատրութիւններ տուաւ երգչախումբին կողմէ ծաւալուած գործունէութեան շուրջ։ Իր կարգին, Յարութիւն Շանլըն ալ հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը, որու ընթացքին դրուատիքով արտայայտուեցաւ Զուարթնոց երգչախումբի տարած աշխատանքներուն մասին, նաեւ ամփոփ ձեւով անդրադարձաւ թաղային խորհուրդին կողմէ ծաւալուած աշխատանքին։ Խմբավար Գէորգ Չաղլըչուպուքճու հանդէս եկաւ մեներգով մը՝ Մասիս Սասուն Գափի նուագակցութեամբ։ Արտայայտուեցան Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, որոնց խօսքերու աւարտին հաւաքոյթը եզրափակուեցաւ աղօթքով։

   

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2017