ՄԱԼԱԹԻԱՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ Կ՚ԱԿՆԿԱԼԷ՝ ԱՂԷՏԵԱԼՆԵՐՈՒ ԲՆԱԿԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԿԱՌՈՒՑՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ Ի ԿԱՏԱՐ ԱԾԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Մալաթիահայոց հայրենակցական միութեան տարեկան ընթրիքը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտ։ Երեկոյթի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Ներկայ էին նաեւ Կաթողիկէ Հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, հոգեւոր հայրեր եւ համայնքային շրջանակներէն բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր։ Մալաթիահայոց հայրենակցական միութեան վարչութեան ատենապետ Կարապետ Օրունէօզ եւ իր գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։ Հարկ է նշել, որ այս ընթրիքով նշուեցաւ միութեան հիմնադրութեան 13-րդ տարեդարձը՝ 5-րդ վարչութեան նախաձեռնութեամբ։

Կարապետ Օրունէօզ հաւաքոյթի ընթացքին շեշտեց, որ 15 յունուարին այժմու վարչութիւնը գործի գլուխ եկած է, իսկ 6 փետրուարին պատահած է ահաւոր երկրաշարժը, որմէ առաւել չափով ազդուած քաղաքներու շարքին է Մալաթիան։ Ուստի, վարչութիւնը շարժման անցած է աղիտեալներու կարիքներու հասնելու համար։

Հարկ է նշել, որ Մալաթիոյ մէջ 12 հայ-քրիստոնեայ ընտանիք կը գտնուի։ Միութիւնը ճակատագրական կը նկատէ անոնց ներկայութիւնը եւ ամէն ճիգ կը գործադրէ, որպէսզի այդ ընտանիքները շարունակեն մնալ տեղւոյն վրայ։ Արդարեւ, եթէ անոնք չըլլան, քաղաքէն ներս հայկական ներկայութեան խորհրդանշան դարձած հին կառոյցներու պահպանութիւնն ու նպատակասլաց գոյութիւնը անկարելի պիտի դառնայ։

Կարապետ Օրունէօզ եւ գործակից ընկերները ներկայիս աղիտեալ ընտանիքներու կեցութեան ու բնակութեան հարցերը լուծել կը ձգտին։ Այսպէսով, յառաջիկայ հինգ տարիներուն անոնք երաշխաւորուած երդիք մը պիտի ունենան։ Սկիզբին օրակարգի վրայ էր բնակարան վարձելու համար անոնց վարձքի օգնութիւն կատարելու վարկածը։ Բայց եւ այնպէս, շուտով յայտնի դարձաւ, որ սա ամենայարմարը պիտի չըլլար։ Արդարեւ, թէ՛ շատ սուղ կ՚արժէր եւ թէ աղիտեալները կարելի պիտի չըլլար խնայել տանտէրերու քմահաճ վերաբերմունքէն, ինչ որ անկանխատեսելի ծախսեր պիտի ստեղծէր։ Ուստի, միութիւնը որոշեց ժամանակաւոր բնակարաններ կառուցելու միջոցաւ աղիտեալներու կեցութեան հարցը լուծել։ Այս նախագիծը կ՚արժէ 4 միլիոն 600 հազար լիրա։ Ներկայիս գործը բաւական հասունցած է, սակայն, դըժ-բախտաբար, նիւթական անբաւարարութիւններ կան։ Կարապետ Օրունէօզի խօսքով՝ անհրաժեշտ միջոցները ապահովելու պարագային այս ծրագիրը կրնայ ի կատար ածուիլ 20-25 օրուան ընթացքին եւ այսպէսով աղիտեալները կ՚ունենան իրենց մշտական երդիքը։ Հետեւաբար, միութիւնը ներկայիս համայնքային շրջանակներուն կոչ կ՚ուղղէ, որպէսզի զօրակցութիւն ցուցաբերուի այս կենսական խնդրին համար։

Հարկ է նշել, որ շաբաթ օրուան ընթրիքին մասնակցեցաւ Սէրտար Պոյաճը, որ Մալաթիոյ մէջ կը բնակի եւ մասնաւորապէս այս հաւաքոյթի առթիւ այցելեց քաղաքս։ Թէ՛ ան եւ թէ իրմէ վերջ Գէորգ Էօզգարակէօզ ներկաներուն տեղեկութիւններ փոխանցեցին շինարարութեան այս կենսական աշխատանքին շուրջ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ ընթրիքի ընթացքին արտասանեց օրհնութեան խօսք մը։

Միւս կողմէ, Սէրտար Պոյաճը եւ կողակիցը քաղաքավարական այցելութիւն մըն ալ տուին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2023