ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ Ի ՆՊԱՍՏ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆ
Շաբաթավերջին համայնքային շրջանակները Պաքըրգիւղի մէջ համախմբուեցան՝ թաղի Տատեան վարժարանի տարեկան հանգանակութեան առթիւ։ Դժբախտաբար կարելի չեղաւ յայտարարուած պիւտճէի բացը հաւասարակշռել, թաղային խորհուրդին կողմէ ակնկալուած գումարին հազիւ կէսը գոյացաւ։
Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Քառասուն Մանկանց երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սէրճան Կազէրօղլուի։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը, մինչ Ս. Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն ու կատարուեցաւ մատաղի օրհնութիւն։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ Տատեան վարժարանի մարզասրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Նորին Ամենապատուութիւնը նախագահեց նաեւ աշխարհիկ հանդիսութեան, որու ներկաներու շարքին էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան, բարերարներ, բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, համայնքային վարիչներ, հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ, համակիրներ եւ հիւրեր։ Ատենապետուհի Մարի Եանճըի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց բոլոր ներկաները։ Տատեանի սաները ծափահարութիւններ խլեցին իրենց յաջող ելոյթներով, որոնք մեծ խանդավառութեան առիթ դարձան։
Հուսկ բանքին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շեշտեց, որ մեր վարժարանները պէտք է նուիրատուութիւններ ընդունին այն ծնողներէն, որոնք ունին համապատասխան կարելիութիւնը։ Իր խօսքով՝ ձրի գործերէ օգուտ չի գար։ Մեր վարժարաններու ջամբած ուսման որակը պէտք է բարձրացնել։ Արդարեւ, մեր համայնքէն շուրջ 1500 դպրոցահասակ երեխայ ոչ-համայնքային վարժարան մը կը յաճախէ։ Քաղաքի ժողովրդագրական պատկերը փոխուած է։ Հեռաւոր թաղերու մէջ բնակութիւն հաստատած ընտանիքներու զաւակներուն համար բաց պէտք է պահել մեր բոլոր դպրոցները, որոնց շէնքերը կրնան օգտագործուիլ, իսկ ոչ-համայնքային դպրոցներ յաճախող մեր երիտասարդները ետ բերելու համար պէտք է կրթութեան որակը բարձրացնել, մտածել մասնագիտական վարժարաններ բանալու մասին։ Թէեւ մեր դպրոցներու որակը այդքան ալ վատ չէ, սակայն պէտք է միշտ կատարելագործել։ Նորին Ամենապատուութիւնը դիտել տուաւ, որ մեր համայնքը ունի 400 կրթական մշակ ու պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ վարժարաններուն առաքելութիւնը։ Կրօնի եւ հայերէնի ուսուցման համար ուսուցիչի խնդիր գոյութիւն ունի։ Պատրիարքական Աթոռը հետամուտ է այս խնդիրներու լուծման համար աշխատելու։ «Եթէ վարորդը չի գիտեր, թէ ո՛ւր պէտք է երթայ, ապա ուղեւորները որեւէ տեղ չեն կրնար հասնիլ», ըսաւ Նորին Ամենապատուութիւնը։
Հաւաքոյթը եզրափակուեցաւ միասնական աղօթքով։