«ԱՐԱՍ»Ի ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԳԻՐՔԸ
«Արաս» հրատարակչութիւնը այս շրջանին գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական տքթ. Վահրամ Թորգոմեանի (1858-1942) յուշերուն թրքերէն թարգմանութիւնը։ «Պոլսահայ բժիշկի մը յուշերը, 1860-1890» խորագրեալ՝ յուշերու ֆրանսերէն թարգմանութեան հիման վրայ, Ալեւ Էրի կողմէ պատրաստուած է թրքերէն թարգմանութիւնը։ Վահրամ Թորգոմեանի հայերէն ձեռագրին հիման վրայ պատրաստուած է այս յուշագրութիւնը։ Նկատի ունենալով, որ ֆրանսերէն թարգմանութիւնը հրատարակութեան պատրաստուած է ֆրանսահայ յայտնի պատմաբան Ռայմոն Յարութիւն Գէորգեանի կողմէ, իր յառաջաբանին թարգմանութիւնը տեղ գտած է նաեւ թրքերէն թարգմանութեան մէջ։ Այս յուշերը հանրութեան սեփականութիւնը դարձած են՝ առաջին հերթին տքթ. Վահրամ Թորգոմեանի թոռան Սիմոն Տընի Թորգոմեանի ջանքերով։ «Արաս» աւելի առաջ «Անցուկը մոռցուկ» անուանումով հրատարակած էր նաեւ այս գործին հայերէնը։ Իսկ ներկայիս «Unutulan Geçmiş: İstanbullu Bir Doktorun Üsküdar'dan Paris'e Yolculuğu» անուանումով գիրքին թրքերէնը տեղ կը գտնէ հետաքրքիրներու գրադարանին մէջ։
Հարկ է նշել, որ այս թարգմանութիւնը լոյս տեսած է՝ մեկենասութեամբ փրոֆ. Թորոս Ալճանի։
Տքթ. Վահրամ Թորգոմեանի յուշերը կը համարուին իր շրջանին վերաբերեալ կարեւոր վկայութիւն մը՝ քանի ան եղած է պատմութեան սիրահար բժիշկ մը։