ՄԱՀ՝ ՀԱՅԿ ԱԴԱՄԵԱՆԻ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ երէկ կեանքէ հեռացած է մեր համայնքի երէց սերունդի սիրուած ու յարգուած անդամներէն Հայկ Ադամեան։ Ան Գատըգիւղի ընտանիքին հետ նոյնացած խորհրդանշական անուն մըն էր եւ իր կորուստը այս առումով խոր ցաւ պատճառած է բոլորին։ Հայկ Ադամեան անհատական, ընտանեկան կեանքը համայնքային ապրումներու հետ նոյնացուցած եզակի դէմք մըն էր։ Մեր ազգային արժէքներուն հետամուտ, մեր մամուլին սիրահար անուն մըն էր ան։ Ամէն անգամ, որ համայնքային կեանքէ ներս կարեւոր իրադարձութիւն մը պատահէր՝ անմիջականութիւն կը զգար մեզի հետ կապ հաստատելու ու բաժնելու իր մօտեցումները, դատողութիւնները։ Միշտ կը բողոքէր ազգային-եկեղեցական կեանքի խնդիրներու հանդէպ անտարբերութեան դէմ ու նոյնիսկ այս ուղղութեամբ բաւական խստապահանջ էր հայ մամուլէն, որպէս հաւատարիմ ընթերցող։
88 տարեկան հասակին մեզմէ հրաժեշտ կ՚առնէ Հայկ Ադամեան, որ տասնամեակներ շարունակ ծառայութիւն մատուցած էր Գատըգիւղի ընտանիքին։ Ան ծանօթ էր իր խիզախ նկարագրով։ Իր համոզումը պաշտպանելու համար յաճախ չէր վարաներ նոյնիսկ վէճի մէջ մտնելէ իր բարեկամներուն հետ։ Բայց եւ այնպէս, իր ձեռքբերած բարի համբաւին ու յարգանքին ալ գրաւականն էր այս խիզախութիւնը, որովհետեւ բոլորը գիտէին, թէ Հայկ Ադամեան սկզբունքի, համոզումի մարդ մըն էր, երեսպաշտ մը չէր։ Իր հրաժեշտով Գատըգիւղի ընտանիքէն կը սահի աստղ մը, որու յիշատակը տակաւին երկար ժամանակ անթառամ պիտի մնայ ու վստահաբար Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն ներքեւ պիտի թեւածէ իր հոգին՝ որպէս պաշտպան մեր նուիրականութիւններուն, որպէս նախանձախնդիր հաւատացեալ եւ Հայ Եկեղեցւոյ գիտակից զաւակ։
Գատըգիւղի ընտանիքի երէց եւ գործօն անդամներէն Հայկ Ադամեան իր մահկանացուն կնքեց երէկ Գատըգիւղի բնակարանին մէջ։ Երկար ժամանակէ ի վեր ունէր անհանգստութիւններ եւ կը գտնուէր բժշկական խնամքի տակ։ Որդին էր Հայկ-Հրանդ եւ Նուարդ Ադամեան ամոլին։ Ծնած է 30 Յուլիս 1928 թուականին, Գատըգիւղ։ Կ՚ուսանի Արամեան-Ունճեան, Նոր Դպրոց եւ Բանկալթիի Մխիթարեան վարժարաններուն մէջ։ Այս վերջինէն շրջանաւարտ կ՚ըլլայ 1947-1948 ուսումնաշրջանին։
Երիտասարդ տարիքին Ս. Թագաւոր Դպրաց Դաս-երգչախումբի շարքերէն ներս անդամակցութեամբ կը սկսի համայնքային ծառայութեան։ 1952 թուականէն սկսեալ մինչեւ 1991-ը կ՚անդամակցի Տնօրէն խորհուրդի յաջորդական շրջաններուն, ծառայելով նախ գոյքապահ, ապա ատենադպիր, Բ. ատենապետ եւ ատենապետ։ Դպրութեան չորս աստիճաններ ստացած էր 10 Մայիս 1953 թուականին, ձեռամբ երանաշնորհ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի։
Արամեան սանուց միութեան երդիքին տակ 1953 թուականին կը կոչուի երաժշտական յանձնախումբի անդամակցութեան։ Աւելի վերջ 1956 թուականին կ՚ընտրուի սանուց միութեան վարչութեան եւ յաջորդական շրջաններուն կը վարէ ատենադպրի պաշտօն։ Իսկ 1980 թուականին՝ կը գլխաւորէ վարչութիւնը, որպէս ատենապետ։
1959-1966 տարիներուն կ՚անդամակցի Գատըգիւղի գերեզմանատան յանձնախումբին։ Գատըգիւղի Թաղական խորհուրդը 1968 թուականին եկեղեցւոյ սնտուկի եկամուտը բարձրացնելու առաջադրութեամբ թաղեցիներու ըրած հրաւէրին կ՚ընդառաջէ եւ կ՚աջակցի թաղային խորհուրդին։ Կ՚անդամակցի Գատըգիւղի Թաղական խորհուրդի 1974-1978, 1978-1982 եւ 1982-1986 շրջաններուն եւ կը վարէ ատենադպրի պաշտօն։ Իր դիւանի պաշտօնին առընթեր մաս կը կազմէ կալուածավարձքերու յանձնախումբին եւ կը ստանձնէ եկեղեցւոյ ներքին գործերու պատասխանատուութիւնը։
1982-1983 տարիներուն կ՚անդամակցի Արամեան-Ունճեան վարժարանի ծնողաց միութեան։ 1972 թուականին իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ Արամեան վարժարանի 100-ամեակի հանդիսութեանց կարգադիր յանձնախումբին։
Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք Հայկ Ադամեանի հոգւոյն ու խորապէս կը վշտակցինք իր կողակցին՝ Հերիքա Ադամեանին, որ Ս. Խաչ դպրեվանքի տիկնանց յանձնախումբի երկարամեայ անդամուհիներէն մին է։ Մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք նաեւ իր որդւոյն՝ Կարօ Ադամեանին եւ հարսին՝ Մարալ Ադամեանին, որոնք Ս. Թագաւոր Դպրաց Դաս-երգչախումբի արժէքաւոր անդամներն են։