Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒԵՑԱՒ ԱՄԱՆՈՐԻ ԱՌԹԻՒ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի ըն­տա­նի­քը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան հա­մախմ­բուե­ցաւ Ա­մա­նո­րի առ­թիւ։ Թա­ղի ե­կե­ղեց­ւոյ «Ա­լա­ճա­ճեան» սրա­հի եր­դի­քին տակ սար­քուած տօ­նա­կան սե­ղա­նին նա­խա­գա­հեց Դպրաց Դա­սու նա­խա­գահ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան, ո­րու կող­քին էին Տ. Զօհ­րապ Քհնյ. Ճի­վա­նեան, դպրա­պետ Սեդ­րակ Տա­վութ­հան եւ խմբա­վար Ատ­րու­շան Հա­լա­ճեան։ Ջերմ ու ան­մի­ջա­կան մթնո­լոր­տի մը մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հա­ւա­քոյ­թը։ Շնոր­հա­ւո­րու­թեան խօս­քե­րով հան­դէս ե­կան Սեդ­րակ Տա­վութ­հան եւ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան, ո­րոնք բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ ը­րին մօ­տա­լուտ Ա­մա­նո­րին առ­թիւ։

Ընթ­րի­քի տե­ւո­ղու­թեան Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բի թէ՛ բուն կազ­մի եւ թէ ման­կա­պա­տա­նե­կան կազ­մի ան­դամ-ան­դա­մու­հի­նե­րը ըմ­բոշխ­նե­ցին միաս­նա­բար նոր տա­րի մը ող­ջու­նե­լու ու­րա­խու­թիւ­նը, բա­ժակ բարձ­րա­ցու­ցին խա­ղա­ղու­թեան, ան­դոր­րու­թեան մաղ­թան­քով, դրա­կան ակն­կա­լու­թիւն­նե­րով։ Նոր շրջա­նի մը ըն­դա­ռաջ ի­րա­րու հետ ու­րա­խա­կից ըլ­լա­լով՝ տօ­նա­ծա­ռի շուրջ հա­մախմ­բուած, երգ­չա­խում­բի ըն­տա­նի­քը նաեւ վե­րա­նո­րո­գեց իր կամ­քը 2017-ին եւս ան­սա­կարկ ո­գիով, նուի­րու­մով իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը յա­ռաջ տա­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։  

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2016