ՎԵՀ. ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՏԻԱՐՊԱՔԸՐԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՏԵՆԱՊԵՏԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Վարդգէս Էրկիւն Այըքը, որ այցելեց Հայաստան։ Զրոյցի ընթացքին ատենապետը տեղեկացուց, որ անցեալ մայիսին պաշտամունքի վերաբացուած է Ս. Կիրակոս եկեղեցին, նաեւ ներկայացուց անոր հովանիին ներքեւ ապրող փոքրաթիւ համայնքին գործունէութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց Էրկիւն Այըքի կողմէ ներկայացուած աշխատանքը եւ յղեց բարեմաղթութիւններ։ Նորին Սրբութիւնը գոհունակութիւն յայտնեց, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ հաւատացեալ ժողովուրդի ջանքերով նախանձախնդրօրէն կը պահպանուին հայոց եկեղեցիներն ու մշակութային ժառանգութիւնը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2022