«ՄԵՂԵԴԻ» ԵՐԳԱՐԱՆԸ
Իւրաքանչիւր ժողովուրդի կեանքը բնութագրող ամենաազնիւ ու հարուստ բնագաւառներէն է երգարուեստը: Հայ երգը ունի հազարամեակներու պատմութիւն՝ ընդգրկելով հոգեւորէն մինչեւ աշուղական, ժողովրդականէն՝ հայրենասիրական, դասականէն՝ քաղաքային ֆոլքլոր եւայլն: Մեզի հասած հայ անուանի եւ կամ անանուն հեղինակներու երգարուեստին մէջ արտացոլուած են թէ՛ իրենց ոճը, անհատական ձայնը, տարաբնոյթ ներքին մղումները, եւ թէ տուեալ ժամանակաշրջանը բնորոշող գեղագիտական ըմբռնումները, բարքերն ու սովորոյթները:
2015 թուականին Իսթանպուլի մէջ լոյս տեսաւ «Մեղեդի» ձայնագրեալ-պատկերազարդ երգարանը, որ պատրաստուեցաւ երաժիշտ, երգիչ Արթիւր Պաղտասարեանի կողմէ: Գիրքի հրատարակութիւնը իրականացած է Պետրոս Ռոպէր-Անժէլ Գազանճըօղլուի մեկենասութեամբ՝ ի յիշատակ իրենց հանգուցեալ հօր՝ Սամուէլ Գազանճըօղլուի եւ եղբօր՝ Կարպիս Պոյաճեանի:
Սոյն հատորի լոյս ընծայման մեծապէս օժանդակած է Պատրիարքական Աթոռի Հրատարակութեան յանձնախումբը: Երգարանը նուիրուած է հայ տպագրեալ գրքի 500-ամեակին եւ մեծ երգահան Սիրվարդ Գարամանուկի ծննդեան 100-ամեակին:
«Մեղեդի» երգարանի առաջին բաժինին մէջ տեղ գտած են տարբեր ժամանակաշրջաններու եւ ոճերու շուրջ վեց տասնեակ երգեր, ապա երկլեզու՝ հայերէն-անգլերէն ծանօթ եւ կամ քիչ ծանօթ «Յօրինողներու կենսագրականներ», յաջորդիւ՝ «Հայկական նուագարաններ», ապա «Տառադարձութեան ցուցակ», եւ «Յատուկ շնորհակալութիւն» բաժինները:
Սոյն երգարանը առանձնայատուկ է այն առումով, որ կան նաեւ երգերու ձայնանիշները: Առանձնայատկութիւն մը, որ մինչ այս Թուրքիոյ մէջ չէր եղած:
« Յօրինողներու կենսագրականներ» բաժինին մէջ , յայտնի անուններու կողքին ներկայացուած են նաեւ այն հեղինակները, որոնք հայ երաժշտութեան առընթեր իրենց ներդրումը ունեցած են նաեւ միջազգային երաժշտութեան զարգացման գործին մէջ:
Երգերը իրենց ոճով, ժամանակագրական ու աշխարհագրական առումներով տարբեր են՝ միջնադարէն մինչեւ մեր ժամանակները, հոգեւորէն (Ներսէս Շնորհալի՝ Առաւօտ լուսոյ) մինչեւ աշուղական (Սայեաթ-Նովա՝ Քամանչա), դասական (Ռոմանոս Մելիքեան՝ Վարդ) հեղինակային (Ռ. Հախվերդեան՝ Իմ փոքրիկ նաւակ), ժողովրդական (Սիրուն թռչնիկ), գուսանական (Գուսան Շահէն՝ Խռոված սէր), մանկական» (Սիրվարդ Գարամանուկ՝ Սօլֆէժի դաս): Կան նաեւ քանի մը երգեր, որոնց դաշնաւորումը կատարած է Արթիւր Պաղտասարեան «Գարուն», «Երազ», «Լուսնեակ գիշեր», «Հինկալա»:
Գիրքին կողքի նկարները պատրաստած են արուեստագէտներ Վահէ Պէրպէրեան՝ գեղեցիկ ծիրանի ծառ նկարով եւ Ատիս Զարեան՝ Կոմիտաս Վարդապետ Մանուկներու հետ նկարով: Ձեւաւորումը կատարած է արուեստագէտ Սելին Պետիկեան:
«Մեղեդի» երգարանի օգնութեամբ հայկական երգը կը թափանցէ հայ ընտանիքներէ ներս, օգտակար կ՚ըլլայ ինչպէս ուսուցիչներուն, այնպէս ալ երախաներու, երիտասարդներու ու չափահասներու համար: Ձեռք բերելով այս երգարանը, իւրաքանչիւր հայ ուղղակիօրէն կ՚առընչուի հայ երգարուեստի հարուստ ու բազմաոճ բնագաւառին, հայեացքը կ՚ուղղէ հայ բազմադարեան մշակոյթի արմատներուն եւ անոր ճիւղերուն:
ԱՆՆԱ ԳԷՈՐԳԵԱՆ