ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ԳԱԳԻԿ ՄԻՆԱՍԵԱՆ ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ
Իսթանպուլի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենան Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) խորհրդարանական վեհաժողովի նիստերը։ Այս առթիւ քաղաքիս մէջ կը գտնուի նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի պիւտճէի ու տնտեսական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Գագիկ Մինասեան։ Այս վերջինը ՍԾՏԿՀ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովէն ներս Հայաստանի ներկայացուցիչն է։ Իսթանպուլի ժողովներուն մասնակցելու ժամանակ Գագիկ Մինասեանին կ՚ընկերանան ՍԾՏՀԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան եւ ներկայացուցչական խորհրդական Իկոր Մարտիրոսեան։
Օգտուելով իր կեցութեան առիթէն Գագիկ Մինասեան երէկ այցելեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ուր ընդունուեցաւ Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ։ Ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ հայրենի խորհրդարանականը, որ շրջայց մըն ալ կատարեց Ազգային հիւանդանոցի համալիրէն ներս, մանաւանդ ծանօթացաւ թանգարանին։ Ան իր հիացմունքը արտայայտեց կառոյցի հասած մակարդակին շուրջ։
Պետրոս Շիրինօղլուի հետ զրուցելու ընթացքին Գագիկ Մինասեան ամփոփ տեղեկութիւններ տուաւ իր այցելութեան շարժառիթին շուրջ։ Շիրինօղլուն ալ ուրախութիւն յայտնեց իր ներկայութեան համար ու մատնանշեց, որ թրքահայ համայնքը միշտ ջատագովն է Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման եւ հարեւան երկու երկիրներու միջեւ բարիդրացիական համագործակցութեան մը մթնոլորտի ձեւաւորման։ Մինասեան եւ Շիրինօղլու կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ թրքահայ իրականութեան վերաբերեալ զանազան նիւթերու շուրջ։
Թրքահայ կեանք
- 11/25/2024
- 11/25/2024