ՓՈՔՐԻԿՆ ԱԼԻՍԻԱՆ ԿԸ ՄԱՐՄՆԱՒՈՐԷ ՍԻՐՈՅ ԳԱՂԱՓԱՐԸ

«Սէր»ը տիեզերքի մեծագոյն գաղափարներէն մին է, որուն մասին մտածելը միայն ու միայն մարդկութեան տրուած շնորհք մըն է։ Բնութեան մէջ առհասարակ կարելի է նկատել, թէ շնչող եւ ապրող իւրաքանչիւր կենդանի, իրեն համաձայն սիրոյ արտայայտութիւն մը ունի, բայց միայն մարդն է, որ կը տեսնէ այս բոլորը, երբեմն կը մտածէ իր տեսածներուն մասին եւ ի վերջոյ կը ջանայ այս բոլորը՝ անձնական զգացումներուն ու փորձառութիւններուն միացնել։ Սուրբգրային զօրաւորագոյն բառերէն է «սէր»ը, քանի իրմով կը բնութագրուի Աստուծոյ ներկայութիւնը եւ գործելաձեւը։ Իրմով տեսնելու կը ջանանք Անտեսանելի Աստուծոյ տեսանելի զօրութիւնը, իրմով ըմբռնելու կը ջանանք Անսահման Աստուծոյ իմանալի ներկայութիւնը։

Աշակերտներէս մին օր մը հարցում ուղղած էր ըսելով. «Ինչպէ՞ս կրնանք տեսնել զԱստուած»։ Մանաւանդ մանուկներ կը հարցնեն այս հարցումը եւ կը ջանան իրենց շատ սիրելի «Աստուած Հայրիկ»ը տեսնել։ Իրապէս շատ տեղին հարցում մըն էր եւ պատասխանելը նոյնքան դժուար։ Պահ մը մտածեցի այս հարցումի մասին։ Եթէ պատասխանէի ըսելով թէ՝ «Աստուած ամէն տեղ է», վստահաբար վերացական պիտի մնար այս պատասխանը եւ աշակերտը պիտի չյագենար ըսածովս։ Ճիշդ է, թէ Աստուած ամէնուրեք է, բայց ինչպէ՞ս կրնայի պատասխանել այս հարցումին, որպէսզի աշակերտը գտնէր իր կեանքի կարեւորագոյն հարցումին պատասխանը։ Կարելի է այս հարցումի պատասխանով իր կեանքի ուղին պիտի բնորոշուէր, Աստուծոյ մասին իր մաքուր եւ դրական գաղափարները պիտի ամրապնդուէր եւ Աստուծոյ ներկայութեան ականատեսը դառնալով իր հաւատքի կեանքը աւելի պիտի զօրանար։ Ապա մտածեցի Ս. Գիրքէն համարով մը խօսիլ եւ ըսել. «Աստուած սէր է» (Յովհաննէս Դ.8)։ Բայց այս պատասխանն ալ գոհացուցիչ պիտի չըլլար, քանի սէրը ինքնին վերացական բան մըն է։ Սէրը նոյնինքն անբացատրելի զգացում մըն է եւ իրմով դժուար պիտի ըլլար անտեսանելի եւ անիմանալի Արարչին մասին խօսիլը։ Ճիշդ է, թէ «Աստուած սէր է», բայց աւելի լաւ ճանապարհ մը պէտք էր գտնէի, որպէսզի աշակերտը աչքերով տեսնէր բնութեան տեսանելի կեանքը, իր սիրալիր հոգին եւս վկայէր այս միոյն։ Եւ ի վերջոյ գտայ պատասխան մը, որ նոյնինքն ընդլայնեց նաեւ իմ հորիզոնս։ Աշակերտին պատասխանեցի ըսելով. «Եթէ կ՚ուզես Աստուած տեսնել, լաւ դիտէ բնութիւնը։ Մանաւանդ ուր որ գեղեցկութիւն մը կայ եւ հոգիդ իրմով կը խայտայ, ահա Աստուած այդտեղ է»։ Երբ զիրար ամբողջացնող տարրեր կը միանան, որպէս արդիւնք անհուն հրճուանքը զգալի կը դառնայ։ Աստուծոյ ներկայութիւնն ու մարդկութեան ոգին երբ իրարու հանդիպին, մարդուն ոգին խայտալ կը սկսի, ինչպէս Ս. Մարիամ Աստուածամայրը եւս կը վկայէ իր սիրոյ արտայայտութիւնը. «Իմ հոգիս ցնծաց իմ Փրկիչ Աստուծմովս» (Ղուկաս Ա.47)։

Երբ աւելի չափահասներուն հետ կը խօսէի նման հարցումի մը մասին, այս անգամ յիշեցուցի սուրբգրային տող մը եւս. «Սիրելինե՛ր, սիրենք զիրար, քանի որ սէրը Աստուծմէ է. ամէն ոք որ կը սիրէ՝ Աստուծմէ ծնած է եւ կը ճանչնայ զԱստուած» (Ա. Յովհաննէս Դ.7)։ Հետեւաբար աստուածճանաչողութեան լաւագոյն ուղեցոյցը սիրոյ աչքով, բնութիւնը եւ ի մասնաւորի Աստուծոյ ստեղծագործութեան գլուխ գործոցը՝ մարդկութիւնը դիտելն է։ Ճիշդ է, թէ մարդկութիւնը ընդհանրապէս մեղսաբեր զգացումներու ծնունդ կու տայ, բայց նոյն մարդկութիւնն է, որ սիրոյ ճամբով Աստուծոյ ներկայութեան երաշխիքը կը դառնայ։ Կրնամ ըսել, թէ այս սկզբունքը միշտ արդարացուցած է զիս եւ տարբեր վայրերու մէջ տարբեր անձերու շնորհիւ տեսած եմ, թէ սիրոյ արտայայտութեան մէջ Աստուած անպայման իր ներկայութիւնը զգալի կը դարձնէ։

Կ՚ուզեմ մօտիկ անցեալին պատահած օրինակով մը ցոյց տալ, թէ Աստուած ինչպէս կը ներկայանայ մեր կեանքերէն ներս։ Եկեղեցւոյս երիտասարդ անդամներէն Ռաֆֆին եւ Տիանան եւ իրենց դուստրը՝ Ալիսիան մօտաւոր անցեալին խորապէս ցնցուեցան իրենց հօր անակնկալ մահով։ Դժուար օրեր էին, քանի Տիանան երկրորդ անգամ կը պատրաստուէր մայրութեան եւ արդէն իսկ կեանքի պայմանները նոյնինքն կը բազմացնէին իրենց նեղութիւնը։ Երբ ժամանակը հասաւ եւ ընտանիքի նոր անդամին՝ փոքրիկն Առատի ծննդեամբ Աստուած իր սիրոյ թագաւորութիւնը հաստատեց տան մէջ։ Սուգի խաւարը հեռացաւ եւ ծննդեան անսահման ուրախութիւնը մուտք գործեց նոյն տունէն ներս։ Արդէն իսկ տեսանելի եղած էր Աստուծոյ ներկայութիւնը, այս տան մէջ եւ տան անդամներուն ժպիտը կը յիշեցնէր, թէ Աստուած այդտեղ էր։ Բայց գրեթէ սովորական այս տեսարանը ինչպէ՞ս գերազանցուեցաւ։

Այս կիրակի, փոքրիկն Առատի ծննդեան 40-րդ օրն էր եւ Ռաֆֆին, Տիանան ու փոքրիկն Ալիսիան ներկայ էին եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեան աւարտին, մանկան օրհնութիւնը կատարելու համար պատրաստուեցանք, բայց աղօթքի տողերէն եւ եկեղեցւոյ սրբազան մթնոլորտէն աւելին կար այդտեղ։ Մենք ականատեսը կը դառնայինք Աստուծոյ խորհրդաւոր ներկայութեան։ Այս հրաշալի տեսարանի գլխաւոր դէմքերն էին փոքրիկն Ալիսիան եւ նորածին Առատ մանուկը։ Ինչպիսի՞ տեսարան մը աւելի ոգեւորիչ կրնար ըլլալ եկեղեցւոյ մէջ։ Փոքրիկն Առատը իր մօրը գիրկը, ընտանիքի անդամներու ներկայութեամբ մօտեցաւ դէպի դասի մուտքը եւ տակաւին այդ պահուն Ալիսիան ամենայն անկեղծութեամբ եւ մանկական սրբութեամբ սիրոյ նշաններով կը մտերմանար իր եղբօրը հետ։ Աստուածարեալ մանուկը ժպիտով, խանդավառութեամբ կը շրջէր Աստուածընկալ իր եղբօրը մօտ։ Միասնաբար մեր արտասանած «Հայր մեր»ի տողերը երբ կը բարձրանային Ալիսիայէն, կարծէք Աստուած մարմնապէս կ՚արտասանէր աղօթքը։ Երբ Ալիսիան խնդալով ու զուարճանալով կ՚ողջագուրուէր իր եղբօրը հետ, կարծէք Աստուած կը փաթթուէր նորածինին ու համբուրէր զայն։ Արարողութիւնը երբ աւարտին հասաւ, Ալիսիան ամենայն երջանկութեամբ տակաւին կը շրջէր իր անուշիկ եղբօր մօտ։ Վստահաբար, ընտանիքը եւս առաւել քան ուրախացած էին իրենց երկու զաւակներու եղբայրսիրութիւնը տեսնելով։ Իրապէս, մարդիկ նոյնիսկ եկեղեցւոյ արարողութենէն աւելի լաւ կրնան արտացոլացնել Աստուծոյ ներկայութիւնը։ Այսպէսով երկու փոքրիկներու գալուստը, սիրոյ դրսեւորումը, անկեղծութիւնը, հիանալի ժպիտը ճանչցուց Աստուծոյ ներկայութիւնը։

Հետեւաբար, սիրոյ նշանակութիւնը գտնելու համար լաւ է դիտել մեր շուրջը։ Սիրոյ մէջ պիտի տեսնենք, թէ Աստուած նոյնինքն պիտի յայտնուի եւ ամենայն պարզութեամբ պիտի շեշտէ, թէ Աստուած սէր է եւ սիրոյ մէջ կը բնակի։ Անցեալ շաբաթ, երբ համայն աշխարհ կը շեշտէր սիրոյ ներկայութիւնը, ահա՝ մանուկները եկան ու թագադրեցին այս կենսական պատգամը։ Շնորհակալութիւն Ալիսիային, որ իր ներկայութեամբ՝ Աստուծոյ ներկայութիւնը եւ սիրոյ անկեղծութիւնը մարմնաւորեց մեր մօտ։

Աստուած օրհնէ մեր զաւակները եւ անպակաս ընէ Աստուծոյ սիրոյ գաղափարը մարմնաւորող անձանց ներկայութիւնը։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

18 փետրուար 2019, Գատըգիւղ

Հինգշաբթի, Փետրուար 21, 2019