ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅԹ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ «ՇԻՐԻՆՕՂԼՈՒ» ՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի «Նազար Շի­րի­նօղ­լու» սրա­հին մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան կա­յա­ցաւ մշա­կոյ­թին ձեռ­նարկ մը, զոր պատ­րաս­տած էին թա­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նին ու­սուց­չաց կազմն ու ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը: Հայ գրա­կա­նու­թեան տար­բեր ժա­մա­նա­կաշր­ջան­նե­րէն ու շրջա­նակ­նե­րէն գրող­ներ, ար­ձա­կա­գիր թէ բա­նաս­տեղծ, ի մի բե­րուած էին՝ կեան­քի վե­րա­բե­րեալ ի­րենց պատ­գամ­նե­րով, փոր­ձա­ռու­թեամբ ու խոր­հուրդ­նե­րով:

«Կեանք» ա­նու­նով հան­րա­կառք մըն էր բե­մը, ուր մար­դիկ կը յայտ­նուէին ու կ՚ան­հե­տա­նա­յին, ար­տա­սա­նե­լով, պատ­գա­մե­լով ի­րենց միտ­քե­րը, ո­մանք ա­ւե­լի հա­մար­ձակ, ո­մանք նուազ, սա­կայն միշտ ի­մաս­տա­լից: Պոլ­սա­հայ գրա­կա­նու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը կ՚ե­րե­ւէին ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րու կող­քին: Սա­կայն ո՛ւր որ ալ ըլ­լա­յին գրա­կա­նու­թեան ստեղ­ծիչ­նե­րը, ե՛րբ ալ ապ­րած ըլ­լա­յին, ի­րենց պատ­գա­մը ընդ­հան­րա­կան էր եւ մատ­չե­լի բո­լոր մար­դե­րուն:

Բե­մին վրայ ե­րեւ­ցող ա­շա­կերտ­նե­րուն չափ աշ­խա­տանք ու դեր կը կա­տա­րէին նաեւ երգ­չա­խում­բին ան­դամ­նե­րը՝ ե­րաժշ­տու­թեան ու­սու­ցիչ Յա­կոբ Մա­մի­կո­նեա­նի մա­կա­նին ներ­քոյ: Ի­րենց քաղցր ձայ­նը կը հարս­տաց­նէր բե­մէն հնչած պատ­գա­մը:

Ա­շա­կեր­տա­կան այս հան­դէ­սը, որ ե­րէկ օ­րուան մէջ բե­մադ­րուե­ցաւ հա­մայն­քա­յին վար­ժա­րան­նե­րէ ժա­մա­նած ա­շա­կեր­տու­թեան հա­մար, ի­րի­կունն ալ կրկնուե­ցաւ հա­մայն­քի ա­րուես­տա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան առ­ջեւ: Ներ­կա­նե­րու շար­քին էին Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան, Տ. Կո­րիւն Քհնյ. Ֆէ­նէր­ճեան, Տ. Զօհ­րապ Քհնյ. Ճի­վա­նեան, Թրքա­հայ ու­սուց­չաց հիմ­նար­կի վար­չու­թեան ա­տե­նա­պես Սար­գիս Քիւ­լէ­կէչ, Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պե­տի խորհր­դա­կան Նուր­հան Փա­լա­քօղ­լու, Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, քոյր վար­ժա­րան­նե­րէ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, կրթա­կան մշակ­ներ:

Հան­դէ­սի ա­ւար­տին ար­տա­յայ­տուե­ցաւ վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ար­փի Մա­նու­կեան, որ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ներ­կա­նե­րուն ու յայ­տագ­րի մաս­նա­կից­նե­րուն:

Ե­րե­կոյ­թը եզ­րա­փա­կեց Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան, որ գնա­հա­տեց տղոց ու ու­սու­ցիչ­նե­րուն աշ­խա­տան­քը եւ հայ մշա­կոյ­թը վառ պա­հե­լու ի­րենց ջան­քը:

 

Շաբաթ, Մարտ 21, 2015