ՏՈՑ. ԱԼՃԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ԱՅՑ

Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ հա­սա­րա­կու­թեան վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան ե­րէկ հիւ­րըն­կա­լեց Վա­գըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Տոց. Թո­րոս Ալ­ճա­նը։ Սա­գը­զա­ղա­ճի ար­քե­պիս­կո­պո­սա­րա­նի յար­կէն ներս տե­ղի ու­նե­ցած զրոյ­ցը ան­ցաւ ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Թո­րոս Ալ­ճան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի պաշ­տօ­նին կո­չուե­լու զու­գա­հեռ քա­ղա­քա­վա­րա­կան այ­ցե­լու­թիւն­ներ տուած էր փոք­րա­մաս­նու­թեան հո­գե­ւոր կեդ­րոն­նե­րը։ Այս ամ­բող­ջին մէջ Հայ Կա­թո­ղի­կէից ար­քե­պիս­կո­պո­սա­րա­նը մնա­ցած էր պա­կաս, ո­րով­հե­տեւ Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծա­ռի եւ Թո­րոս Ալ­ճա­նի ծրա­գիր­նե­րը չէին հա­մընկ­նած։ Ե­րէկ, ի վեր­ջոյ այս քա­ղա­քա­վա­րա­կան այ­ցե­լու­թիւնն ալ տե­ղի ու­նե­ցաւ։ Ան­մի­ջա­կան զրոյ­ցի մթնո­լոր­տին մէջ Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծառ Թո­րոս Ալ­ճա­նին փո­խան­ցեց իր օրհ­նու­թիւնն ու յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թանք­նե­րը։ Գե­րա­պայ­ծա­ռը ան­ցեա­լի վե­րա­բե­րեալ վար­չա­կան խնդիր­նե­րու շուրջ ը­րաւ հե­տաքրք­րա­կան խորհր­դա­ծու­թիւն­ներ, մա­նա­ւանդ, որ այդ հար­ցե­րէն ո­մանց ազ­դե­ցու­թիւ­նը տա­կա­ւին այժ­մէա­կան է։ Զէ­քիեան եւ Ալ­ճան կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­ներ ու­նե­ցան նաեւ Թուր­քիոյ փոք­րա­մաս­նու­թեանց հա­սա­րա­կաց օ­րա­կար­գին վե­րա­բե­րեալ զա­նա­զան նիւ­թե­րու շուրջ։

Շաբաթ, Մարտ 21, 2015