ՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑՈՅԹ
«Քրիստին Սալերի» հիմնարկին կողմէ կազմակերպուած միջվարժարանային հինգերորդ նկարչութեան մրցոյթին ծրագիրը շաբաթավերջին գործադրուեցաւ մասամբ։ Անմոռանալի նկարչուհի Քրիստին Սալերիի յիշատակին կազմակերպուած մրցոյթին շրջագծով, օրուան սկիզբին Մխիթարեան վարժարանին մէջ համախմբուեցան իսթանպուլահայ նախակրթարաններու ներկայացուցիչները, որոնք իրականացուցին իրենց ստեղծագործական աշխատանքը։ Նոյն ժամերուն վրայ հասաւ Պէյօղլուի մէջ պատահած ահաբեկչական պայթումին լուրը, որու հետեւանքով մրցոյթի օրուան երկրորդ կէսին նախատեսուած բաժինը յետաձգուեցաւ Ապրիլի 9-ին։ Այսինքն, առաջինէն մինչեւ չորրորդ դասարաններու աշակերտները կատարեցին իրենց գործը, իսկ հինգերորդէն մինչեւ ութերորդ եւ իններորդէն մինչեւ տասներկրորդ դասարաններու խումբերը աւելի վերջ պիտի տանին ստեղծագործական աշխատանքը։
Մրցոյթի բացման ներկայ գտնուեցան Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, «Քրիստին Սալերի» հիմնարկի հիմնադիրներէն Ռեհան Սարըպայ, Ս. Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պեռնար Սարըպայ, Մխիթարեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Վարդան Պալմումճեան եւ իր ընկերները, դատակազմէն նկարչուհի Մառլէն Թէքիրտաղլըճան, Արշօ Գասպարեան, ծրագրի գեղարուեստական խորհրդատուներէն Մայտա Սարիս եւ ծնողներ։
Մրցանակաբաշխման հանդիսութիւնը նախատեսուած է Ապրիլի 30-ին։