ՀԵՌԱԿԱՅ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒՄ

Թրքա­հայ ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քի առ­կայ փա­կու­ղիի պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ ե­րէկ ապ­րուե­ցան շարք մը հե­տաքրք­րա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ։ Ընտ­րեալ-տե­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան եր­կու նա­մակ­ներ ու­ղար­կեց Պատ­րիար­քա­րան։ Այդ նա­մակ­նե­րը Գում­գա­բու ու­ղար­կուե­ցան Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Գեր­մա­նիոյ Թե­մէն՝ Քէօլ­նի Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նէն։

Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Մար­տի 15-ի Ե­կե­ղե­ցա­կան հա­մա­գու­մա­րի ար­դիւն­քով Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան ընտ­րուած էր տե­ղա­պահ, սա­կայն Իս­թան­պու­լի կու­սա­կա­լու­թե­նէն հա­սած պաշ­տօ­նա­կան նա­մա­կին զու­գա­հեռ չէր կա­տա­րած իր եր­դու­մը։ Պատ­րիար­քա­կան առ­կա­խեալ ընտ­րու­թեան ծանր փա­կու­ղիին վրայ այս­պէ­սով ա­ւել­ցած էր տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թեան փու­լին յա­ռա­ջա­ցած լուրջ ու ծան­րակ­շիռ տագ­նապ մը։ Առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին մէջ ընդ­հան­րա­պէս սպա­սո­ղա­կան կա­ցու­թիւն մը կը տի­րէ հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս։ Նման պայ­ման­նե­րու ներ­քեւ ընտ­րեալ-տե­ղա­պահ Տ. Գար­գին Արք. Պեք­ճեան ան­ցեալ Կի­րա­կի մեկ­նե­ցաւ Գեր­մա­նիա եւ ե­րէկ հա­մայն­քա­յին մա­մու­լին մի­ջո­ցաւ փո­խան­ցեց մեր ժո­ղո­վուր­դին ուղ­ղեալ պատ­գամ մը։ Գեր­մա­նիա մեկ­նե­լէ ա­ռաջ, Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցու­ցած էր, որ շուրջ մէկ շաբ­թուան կարճ այ­ցե­լու­թեան մը հա­մար ստի­պո­ղա­բար պի­տի բա­ցա­կա­յի Պո­լի­սէն։

Առ­կայ սպա­սո­ղա­կան մթնո­լոր­տին մէջ այս բո­լո­րը հասկ­նա­լի եւ յստակ էին, սա­կայն ե­րէկ օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան յա­ջոր­դե­ցին շարք մը ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ, ո­րոնք ծնունդ կրնան տալ այլ տպա­ւո­րու­թեան։ Ար­դա­րեւ, Քէօլ­նի Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի աղ­բիւր­նե­րը հա­ղոր­դե­ցին, թէ Գեր­մա­նա­հա­յոց Թե­մա­կան Խոր­հուր­դը շնոր­հա­ւո­րած է Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նի տե­ղա­պահ ընտ­րուի­լը։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ ընտ­րեալ-տե­ղա­պա­հը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ գեր­մա­նա­հա­յոց թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդն է՝ այս ա­ռու­մով շնոր­հա­ւո­րա­կա­նը բնա­կա­նա­բար կա­րե­լի է ըն­կա­լել տրա­մա­բա­նա­կան։ Բայց, ա­ւե­լի վերջ նոյն­պէս Քէօլ­նի Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նէն սկսան հաս­նիլ Պոլ­սոյ զուտ տե­ղա­կան խնդիր­նե­րուն, Պատ­րիար­քա­րա­նի ներ­քին հար­ցե­րուն վե­րա­բե­րեալ լու­րեր։ Այս­պէս, Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան ե­րէկ նա­մակ մը ու­ղար­կած է Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նին եւ ի­րեն փո­խա­նորդ կար­գած է Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նը։ Մեր Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը երբ տագ­նա­պա­լի շրջա­նէ մը կ՚անց­նի եւ երբ ընտ­րեալ-տե­ղա­պա­հը կարճ ժա­մա­նա­կի մը հա­մար ստի­պո­ղա­բար կը բա­ցա­կա­յի քա­ղա­քէս, հե­ռա­կայ դրու­թեամբ կար­գադ­րու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լու ե­րե­ւոյ­թը այդ­քան ալ նպա­տա­կա­յար­մար չի հա­մա­րուիր։ Հե­ռա­կայ կա­ռա­վար­ման տպա­ւո­րու­թիւ­նը այս պա­հուն կրնայ խո­րաց­նել հա­մայն­քի առ­կայ խնդիր­նե­րը։ Ընտ­րեալ-տե­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան ա­ւե­լի նպա­տա­կաս­լաց քայլ մը ա­ռած կրնար ըլ­լալ՝ ե­թէ  Պո­լի­սէն հրա­ժեշտ առ­նե­լէ ա­ռաջ ի­րեն փո­խա­նորդ կար­գէր Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նը եւ այդ բա­նը յայ­տա­րա­րէր տեղ­ւոյն վրայ։

Նո­րին Սրբազ­նու­թեան Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի հաս­ցէագ­րեալ նա­մա­կի բո­վան­դա­կու­թեան մէջ կան շարք մը պա­հանջ­ներ։ Ներ­կայ դրու­թեամբ այդ պա­հանջ­նե­րուն ի­րա­տես կամ գոր­ծադ­րե­լի ըլ­լա­լը, չըլ­լա­լը տար­բեր հարց մըն է, սա­կայն այդ բո­լո­րը շատ ա­ւե­լի տար­բեր ուժ մը, կշիռ մը կրնա­յին ու­նե­նալ՝ ե­թէ տեղ­ւոյն իսկ վրայ, ուղ­ղա­կիօ­րէն Պոլ­սոյ մէջ բարձ­րա­ձայ­նուած ըլ­լա­յին։

Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան՝ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի ուղ­ղեալ նա­մա­կին մէջ յի­շե­ցու­ցած է տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թեան ար­դիւն­քը։ «Այս ընտ­րու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցած է հա­մա­պա­տաս­խան մեր ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն եւ կարգ ու կա­նո­նին։ Ուս­տի, ա­մէն ա­ռի­թով կու­սա­կա­լու­թե­նէն ե­կած նա­մա­կի հրա­պա­րա­կու­մը ե­կե­ղե­ցա­կան իշ­խա­նու­թեան կամ­քին վրայ շուք տա­րա­ծե­լու տպա­ւո­րու­թիւ­նը կը թո­ղու։ Հե­տե­ւա­բար կը յանձ­նա­րա­րեմ ետ կե­նալ նման կե­ցուած­քէ, յատ­կա­պէս յար­գե­լու հա­մար Հայց. Ե­կե­ղեց­ւոյ կարգն ու կա­նոն­նե­րը», նշած է ընտ­րեալ-տե­ղա­պա­հը, որ յի­շե­ցու­ցած է նաեւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի միաս­նա­կան խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րու իբ­րեւ ար­դիւնք հրա­պա­րա­կուած յայ­տա­րա­րու­թեան կարգ մը տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։ Ըստ Նո­րին Սրբազ­նու­թեան, Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան բծախնդ­րու­թեամբ պէտք է նկա­տի առ­նէ, որ ըստ ե­կե­ղե­ցա­կան կա­նո­նա­կար­գի՝ տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թեամբ կը դադ­րին պատ­րիար­քա­կան ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դի լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րը։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը վստա­հու­թիւն յայտ­նած է, որ որ­պէս բարձ­րաս­տի­ճան ե­կե­ղե­ցա­կան՝ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ա­ռաջ­նա­հերթ պար­տա­ւո­րու­թիւն պէտք է հա­մա­րէ պա­հել ե­կե­ղե­ցա­կան ա­ւան­դու­թիւ­նը եւ գոր­ծել հա­մա­պա­տաս­խան ձե­ւով։ Ուս­տի, ան թե­լադ­րած է յետ այ­սու դադ­րեց­նել ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դի տիտ­ղո­սի գոր­ծա­ծու­թիւ­նը եւ այդ ար­տա­յայ­տու­թե­նէն խու­սա­փիլ նաեւ Պատ­րիար­քա­րա­նի կող­մէ մա­մու­լին տրուած ծա­նու­ցում­նե­րուն մէջ։

Նոյն նա­մա­կով Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նին տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ տե­ղա­պա­հի փո­խա­նորդ նշա­նա­կած է Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նը՝ որ­պէս­զի իր բա­ցա­կա­յու­թեան հսկէ բո­լոր աշ­խա­տանք­նե­րը։ Ի լրումն այս բո­լո­րին, ընտ­րեալ-տե­ղա­պա­հը Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նէն խնդրած է պատ­ճէ­նը՝ ժա­մադ­րու­թեան հա­մար Իս­թան­պու­լի կու­սա­կա­լու­թեան ու­ղար­կուած դի­մում­նագ­րին։

Երեքշաբթի, Մարտ 21, 2017