ՄԻՋՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ԳԻՏԱԿԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒԵՑԱՒ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԷՋ
Պաքըրգիւղի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ միջմիութենական գիտական մրցաշարքի եզրափակիչ փուլը։ Տատեան վարժարանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս տարուան մրցաշարքի դափնեկիրները հանդիսացան՝ Պէզճեան սանուց միութեան խումբը (առաջին), Ֆէրիգիւղի սանուց միութեան խումբը (երկրորդ) եւ Մխիթարեան սանուց միութեան խումբը (երրորդ)։
Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցան մրցոյթի աւարտական փուլի հանդիպումները եւ մրցանակաբաշխման արարողութիւնը։ Տատեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Ասլին Ուստաարամօղլու առաջնութեան մրցանակը յանձնեց Պէզճեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Ալէն Խաչիկօղլուին։ Դափնեկիր միւս սանուց միութիւններու ատենապետներն ալ ստացան պարգեւները։
Մրցանակաբաշխման աւարտին բոլոր ներկաները ջերմօրէն շնորհաւորեցին դափնեկիրները, մասնակիցները եւ մրցաշարքի կազմակերպիչները։
Հարկ է նշել, որ յաջորդ տարի այս մրցաշարքը պիտի կազմակերպուի այս տարուան ախոյեանը հանդիսացած Պէզճեան սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ։