ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՏՕՆ

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի առաջին դասարանի փոքրիկներուն ընթերցման տօնը տեղի ունեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլգգան» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդէսը, որուն ներկայ գտնուեցան կրթական մշակներ, ծնողներ, հիւրեր, դպրոցի պատասխանատուներ եւ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչներ։ Հանդէսը պատրաստուած էր վերահսկողութեամբ վարժարանի ուսուցչական կազմէն Պելինտա Չըրաքի, Նիհալ Տուրմազի, Նայիրա Ալաչամի, Քարին Քաթրանճըօղլուի, Նայիրի Եափանի եւ Կարին Մարտիկեանի։ Փոքրիկները հանդէս եկան զանազան ելոյթներով եւ արժանացան ծափահարութիւններու։ Հայերէնով, թրքերէնով եւ անգլերէնով անոնք գործադրեցին օրուան յայտագիրը եւ արժանացան բոլորի բարձր գնահատանքին։ Ընթերցման տօնի աւարտին շնորհաւորութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան, որ իր գնահատանքը յղեց փոքրիկներուն, ինչպէս նաեւ այս ծրագիրը կազմակերպած կրթական մշակներուն։

Ձեռնարկի աւարտին սարքուեցաւ նաեւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին հատուեցաւ փոքրիկներուն համար պատրաստուած կարկանդակը։

Շաբաթ, Ապրիլ 21, 2018