ԿԱՏԱՐԵԱԼ ՈՒ ԳԵՐԱԶԱՆՑ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը կը շարունակէ կատարեալ մակարդակի մը վրայ անթերի առողջապահական ծառայութիւններ մատուցել եւ այս հանգամանքը պարբերաբար կը վերահաստատուի պատկան իշխանութիւններուն կողմէ։ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան աղբիւրները արձագանգ հանդիսացան, որ վերջերս հաստատութիւնը անցած է մանրակրկիտ ընդհանուր քննութենէ մը։ Համբարձման տօնի շրջանին, Գթութեան յարկի հիմնադրութեան 183-րդ տարեդարձի օրերուն տեղի ունեցած է այս քննութիւնը, որմէ իսկապէս յաղթական արդիւնքով մը դուրս եկած է Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը։ Առողջապահութեան նախարարութեան իրաւասուները Գթութեան յարկի հիւանդանոցի բաժանմունքէն ներս իրականացուցած են սոյն քննութիւնները։ Առողջապահական բուն ծառայութիւններու մատուցուած բաժիններէն սկսեալ, մինչեւ հիւանդանոցի պարտէզներուն յարդարումը՝ բազում չափանիշներու լոյսին տակ կատարուած է հաստատութեան վերաբերեալ արժեւորումը։ Քննիչներու վկայութեան հիման վրայ արդիւնքը արդէն տեղեկացուած է հաստատութեան ղեկավարութեան։ Սոյն արդիւնքը իսկապէս կու գայ վերահաստատել այն հանգամանքը, թէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը թրքահայութեան պարծանքն է եւ այս հանգամանքը մեր իրականութեան մօտ լոկ լոզունգ մը չէ, այլ համայնքէն դուրս կատարուած արժեւորումներուն արդիւնքը ամէն անգամ կը վերահաստատեն հիւանդանոցի հասած բարձր մակարդակը եւ անոր արձանագրած վերելքին ողջունելի արդիւնքը։ Առողջապահութեան նախարարութեան այս վերջին ընդհանուր քննութեան արդիւնքն ալ հիւանդանոցին տեսակէտէ շատ փայլուն համայնապատկերի մը վկայութիւնը դարձած է։ Արդարեւ, քննիչները 100-ի վրայ 98 նիշ սահմանած են Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին համար, ինչ որ կատարեալութեան, գերազանցութեան բնութագրումը կը համարուի։
Ծանօթ է, որ ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ գլխաւորուած հոգաբարձութիւնը վերջին տարիներուն կայուն վերելք մը ապահոված է Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին համար։ Շիրինօղլու եւ իր ընկերները լաւագոյնս արժեւորած են նախկին շրջաններէն իրենց աւանդածը եւ մեր համայնքին անվերապահ զօրակցութեան առթած եռանդով, նոր տեսլականով հաստատութիւնը հասցուցած են այսօրուան մակարդակին։
Այս փայլուն արդիւնքին կապակցութեամբ կը շնորհաւորենք Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը եւ բոլոր պատասխանատուները, որոնք կ՚աշխատին նուիրումով ու յանձնառութեամբ։