ԹՈՓԲԱԳՈՒԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԷՍ

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի սաները անցեալ շաբաթ հանդէս եկան բանաստեղծութեան, պարի եւ երգչախմբային ելոյթներով։ Թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլգգան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդէսը, որու յայտագրի առաջին մասը յատկացուած էր արտասանութիւններու։ Յայտագրի երկրորդ մասին տղաքը ներակայացուցին պարեր ու խմբերգներ։ Այս բաժինը վերահսկեցին Կարին Մարտիկեան եւ Գարին Քաթրանճըօղլու։ Հանդէսի կազմակերպման աշխատանքները վերահսկած են հայերէնի ուսուցչուհիներ Հերա Իսքէնտէրօղլու եւ Լուսիա Քըլընճլը։

Յայտագրի գործադրութեան աւարտին վարժարանի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։

Երկուշաբթի, Մայիս 21, 2018