ՀՈԳԵԳԱԼՍՏԵԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Հոգեգալստեան տօնին առթիւ շաբաթավերջին աւանդական փայլուն տօնակատարութիւններ տեղի ունեցան Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։ Երէկ, առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ տօնական մթնոլորտ ստեղծուեցաւ մեր այս պատմական ու կոթողային սրբավայրի համալիրէն ներս։ Եկեղեցւոյ հիմնարկութեան 211-րդ տարեդարձին ձօնուած կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ տուաւ օրուան պատգամը։

Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ասողիկ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ։ Օրուան քարոզին մէջ հանդիսադիր սրբազան հայրը անդրադարձաւ Հոգեգալստեան տօնի իմաստին։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ յարակից «Նարեկեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց ընդհանուր փոխանորդը, որու կողքին էին հոգեւոր հայրերը։ Ներկաներու շարքին էին Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան, ներկայացուցչական խորհրդական Իկոր Մարտիրոսեան, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, հասարակական գործիչներ եւ հիւրեր։ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աբիկ Հայրապետեան եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ Մարիամ Տրամէրեանի հանդիսավարութեամբ։ Ելմտագէտ Աւետիս Քեպապճը ներկայացուց թաղային խորհուրդի տարեկան հաշուետուութիւնը։ Սրտի խօսքով մըն ալ հանդէս եկաւ Տոց. Տքթ. Վարդ Շիկահեր։

Գեղարուեստական բաժնին մէջ հանդէս եկան Էսաեան վարժարանի սաներէն Սեսիլ Հայրապետեան, Նաթալի Սահակեան, Էտկար Իգիթեան, Էլէն Դարփինեան, Սուսաննա Իգիթեան, Աննա Իվանեան, Թանիա Ստեփանեան, Նաթալի Մաշալը եւ Սարգիս Ապուշք։

Հուսկ բանքը արտասանեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Այս առթիւ նորին սրբազնութիւնը ընդգծեց, որ մեր կրթական կեանքէն ներս համայնքային վարժարաններուն տեսակէտէ ամենակարեւոր նպատակը պէտք է ըլլայ հայերէնի ուսուցումը։ Արդարեւ, եթէ հայախօսութիւն չկայ, ապա ի դերեւ կը համարուին համայնքի բոլոր ջանքերը։ Հետեւաբար, այս ուղղութեամբ կարեւոր պատասխանատուութիւններ կը վիճակին ընտանիքներուն եւ կրթական մշակներուն։ Պատմութեան ընթացքին մեր դպրոցները միշտ եղած են եկեղեցիներու հետ կողք կողքի։ Հետեւաբար, այսօրուան նոր սերունդն ալ պէտք է եկեղեցւոյ հետ մէջ մէջի ըլլայ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան բացատրեց, որ մեր վարժարանները պատմութեան ընթացքին հիմնուած են շատ դժուարին պայմաններու ներքեւ, ուստի, անոնք պէտք է լաւ պահպանուին եւ մեր համայնքը պէտք է գիտակցի անոնց արժէքը։ Հետեւաբար, նորին սրբազնութիւնը խորհուրդ տուաւ՝ որպէսզի մեր վարժարաններու աշակերտներու ծնողներն ալ ընեն իրենց հնարաւորը եւ նիւթական զօրակցութիւն ցոյց տան մեր վարժարաններուն համար։ «Արդարեւ, մեր դպրոցներուն տեսակէտէ անհրաժեշտ նիւթական միջոցները երկինքէն պիտի չիջնեն», ըսաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։

Պէյօղլուի Հոգեգալստեան տօնակատարութիւնները աւարտին հասան միասնական աղօթքով։ 

Երկուշաբթի, Մայիս 21, 2018