ՈՉ ԵՒՍ Է ԳԷՈՐԳ ԵԱՆԷՐ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երախտաշատ դէքմերէն մին՝ Գէորգ Եանէր, որ երկար տարիներ անսակարկ նուիրումով ծառայութիւն մատուցած է։ Գէորգ Եանէր Սամաթիոյ ընտանիքի խորհրդանշական անուններէն մին էր եւ մեծ յարգանք ու սէր կը վայելէր համայնքային շրջանակներէ ներս։ Եղած էր Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ։ Աւելի առաջ ալ ատենապետած էր Գալֆաեան Տան խնամակալութեան։ Իր համեստ նկարագրով եւ լուռումունջ հետեւողական աշխատանքով արժանացած էր բոլորի գնահատանքին։

Արհեստավարժ կեանքէ ներս երկար տարիներ եղած էր արծաթագործ Գոց շուկայի մէջ։

Վերջին շրջանին դժբախտաբար Գէորգ Եանէրի առողջական վիճակը վատթարացած էր լրջօրէն։ Ան միջոցէ մը ի վեր կը բուժուէր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ։ Դժբախտաբար իրեն համար ցուցաբերուած բժշկական խնամքը այլեւս բաւարար չեղաւ եւ ան աչքերը փակեց կեանքին՝ խոր սուգի մատնելով ընտանիքն ու բոլոր սիրելիները։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք Գէորգ Եանէրի հոգւոյն ու ցաւակցութիւններ կը յայտնենք իր մերձաւորներուն։

Երկուշաբթի, Մայիս 21, 2018