ՏԱՏԵԱՆՑԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ՕՐ

Պաքըրգիւղի ընտանիքը երէկ մեծ ոգեւորութիւն ապրեցաւ՝ Տատեան վարժարանի շրջանաւարտից օրուան առթիւ։ Առաւօտուն Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնով ոգեկոչուեցաւ վարժարանի նախկին բազմամեայ տնօրէնուհի հանգուցեալ Էլիզ Մանաս։

Յետմիջօրէին շրջանաւարտից հաւաքը տեղի ունեցաւ դպրոցի համալիրէն ներս։ Զանազան սերունդներէ տատեանցիներ ապրեցան հերթական անգամ դպրոցի երդիքին տակ համախմբուելու ուրախութիւնը։ Բնականաբար, արտասովոր խանդավառութեան մէջ էին 40-ամեայ եւ 25-ամեայ յոբելեար շրջանաւարտները, որոնք ստացան յուշանուէրներ։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ թէ՛ դպրոցի պարտէզին եւ թէ «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահին մէջ։ Տատեան վարժարանի աշակերտները զանազան ելոյթներով մասնակցութիւն բերին օրուան յայտագրին։ Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիր եւ իր ընկերները, Տատեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Մարի Եանճը, տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ, ծնողաց միութեան ատենապետ Երուանդ Սվաճըօղլու եւ իր ընկերները, նախկին տնօրէնուհի Հերմինէ Պենլիօղլու, սանուց միութեան վարչութեան անդամներն ու Պաքըրգիւղի ընտանիքէն այլ պատասխանատուներ յանձնեցին յոբելեար շրջանաւարտներու յուշանուէրները, նաեւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրասիրեցին զանազան սերունդներէ տատեանցիները։

Խանդավառ այս մթնոլորտին մէջ տատեանցիները միեւնոյն ժամանակ միասնաբար բաժակ բարձրացուցին իրենց սիրելի վարժարանին կենացը։

Երկուշաբթի, Մայիս 21, 2018