ՏԱՏԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԻՆ ՓՈՔՐԻԿ ՆԿԱՐԻՉՆԵՐՈՒ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Տատեան սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ յատկանշական ցուցահանդէս մը։ Այսպէս, միութեան երդիքին տակ կը ներկայացուին անցեալ եղանակին կազմակերպուած գեղարուեստական դասընթացքներու մասնակից փոքրիկներու ստեղծագործութիւնները։ Այսպէս, վերջին տարիներուն յառաջ տարուած հետեւողական աշխատանքին ի շարունակութիւն, անցեալ եղանակին փոքրիկներուն համար նկարչութեան դասեր տուին Մաքրուհի Քեչիեոլու եւ Վոլքան Եարըճը։ Չափահասներուն համար ալ մանրանկարչութեան դասեր տուաւ Մարի Թափուճու։ Այս ամբողջ աշխատանքի մասնակիցները անցեալ ժամանակաշրջանի իրենց ստեղծագործութիւնները կը ներկայացնեն ներկայ ցուցահանդէսի շարժառիթով։

Տատեան սանուց միութեան երդիքին տակ կազմակերպուած բացման ներկայ գտնուեցաւ նաեւ վարժարանի տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ։ Յանուն միութեան վարչութեան Նաթալի Էօզքայա յուշանուէրներ յանձնեց այս դասընթացքներու պատասխանատուներուն։

Բոլորը զիրար շնորհաւորեցին ջերմ զգացումներով ու մաղթեցին բարի արձակուրդի շրջան։

Երկուշաբթի, Մայիս 21, 2018