ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴԻ ՃՌՈՒՈՂԻՒՆՆԵՐԸ

Լուսաւորիչ երգչախումբի մանկապատանեկան կազմը երէկ երեկոյեան խանդավառ համերգով մը հանդէս եկաւ Շիշլիի «Ճեմիլ Ճանտաշ-Քենթ» սրահին մէջ։ Երեկոյթը ձօնուած էր Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի հիմնադրութեան 95-ամեակի յոբելեանին։ Ձեռնարկը հովանաւորեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Արք. Մաշալեան, որու կողքին էին բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր։

Երեկոյթի բացման ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Թալիա Էրոլ եւ Ալէն Ցնծալ։ Ապա Լուսաւորիչ երգչախումբի մանկապատանեկան կազմը գործադրեց իր յայտագիրը՝ Հրանդ Չիզմէճեանի մականին ներքեւ։ Խումբը արժանացաւ ջերմ ծափողջոյններու։ Ծրագրին մասնակցութիւն բերաւ նաեւ «Առագաստ» նուագախումբը, որու կազմին մէջ էին Ռոպէր Տողանայ, Արի Հերկել, Արտա Ույար եւ Թայիս Մութլու։

Եզրափակիչ փուլին յանձնուեցան յուշանուէրներ եւ ծաղկեփունջեր՝ մինչ Հրանդ Չիզմէճեան եւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան արտասանեցին սրտի խօսքեր։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ հուսկ բանքին մէջ շնորհաւորեց բոլորը։

Երեքշաբթի, Մայիս 21, 2024