«ՄԻՏՔ» ՀԱՐԹԱԿԸ ՎԱՂԸ ԱՌԱՒՕՏ ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑ ՄԸ ՊԻՏԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻՆ ԱՌՋԵՒ
Պատրիարքական առկախեալ ընտրութեան խնդիրը այս օրերուն դարձեալ գետի նման վարարած է մեր համայնքի օրակարգին վրայ։ «Միտք» հարթակին անունով, Թադէոս Պէպէք երէկ թերթիս յայտնեց, որ վաղը Գումգաբուի մէջ ցոյց մը պիտի կատարեն հերթական անգամ համայնքին ուշադրութիւնը հրաւիրելու համար այս խնդրին վրայ։ Ըստ իր փոխանցած տեղեկութիւններուն, «Միտք» հարթակը սահմանափակ մասնակիցներու թիւով ցոյց պիտի իրականացնէ։ Առաւօտուն ցուցարարները նախ մոմավառութիւն եւ աղօթք մը պիտի կատարեն Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, իսկ աւելի վերջ Պատրիարքարանի շէնքին առջեւ պիտի թողուն սեւ ծաղկեպսակ մը եւ հանդէս պիտի գան յայտարարութիւնով մը։
Թադէոս Պէպէք մեզի յայտնեց, որ համայնքային կարգ մը հաստատութիւններէն վարչայիններ եւս ներկայ պիտի գտնուին բողոքի ցոյցին։ «Միտք» հարթակը չէ նախատեսած հոծ բազմութեան մը մասնակցութիւնը ապահովել։ Կազմակերպիչները կը գերադասեն կարգապահութիւնը եւ իրենց հիմնական նպատակն է մեր համայնքին ու հանրային կարծիքին յիշողութիւնը թարմացնել այս խնդրին շուրջ։