ԼԵՒՈՆ ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳ ՔԻՐԷՄԻՏՃԵԱՆ ՅԱՆԿԱՐԾԱՄԱՀ

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ ան­ժա­մա­նակ ձե­ւով յան­կար­ծա­մահ ե­ղած է մեր ե­կե­ղեց­ւոյ նուի­րեալ սպա­սա­ւոր­նե­րէն Լե­ւոն Կսրկ. Քի­րէ­միտ­ճեան։ Այս ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րուն Չը­նար­ճը­քի իր ա­մա­րա­նո­ցին մէջ կնքած է իր մահ­կա­նա­ցուն՝ խոր սու­գի մատ­նե­լով իր ըն­տա­նիքն ու պոլ­սա­հայ ե­կե­ղե­ցա­սէր շրջա­նակ­նե­րը, ո­րոնց մօտ այն­քան սէր, յար­գանք ու հա­մակ­րանք կը վա­յե­լէր հան­գու­ցեա­լը։

Բնիկ գում­գա­բու­ցի Լե­ւոն Քի­րէ­միտ­ճեան ու­սու­մը ստա­ցած էր եր­բեմ­նի Պօ­ղո­սեան-Վառ­վա­ռեան վար­ժա­րա­նին մէջ։ Փոքր տա­րի­քէ սկսալ սկսած էր ծա­ռա­յու­թիւն մա­տու­ցել մեր ե­կե­ղեց­ւոյ, ո­րու հա­րա­զատ կա­մար­նե­րուն ներ­քեւ շուրջ յի­սուն տա­րի մաս­նակ­ցած էր շա­րա­կան­նե­րու եր­գե­ցո­ղու­թեան ու ե­ղած էր Տի­րոջ Ս. Սե­ղա­նի սպա­սա­ւո­րը։ Յի­սուն տա­րուան այս բո­լո­րա­նուէր ծա­ռա­յու­թեան շրջագ­ծով ար­դէն շուրջ չորս տաս­նա­մեակ նաեւ որ­պէս լու­սա­րար պաշ­տօ­նա­վա­րած էր Պէ­յօղ­լուի Ս. Եր­րոր­դու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Ան իր բա­րե­մոյն ու հա­ղոր­դա­կան բնա­ւո­րու­թեամբ գրա­ւած էր բո­լո­րին սիր­տը, իսկ այժմ իր բո­լոր սի­րե­լի­նե­րը ար­դէն խոր ցնցում կ՚ապ­րին իր ան­ժա­մա­նակ կո­րուս­տով։

Այս տխուր առ­թիւ Երկ­նա­յին հան­գիստ կը հայ­ցենք հան­գու­ցեալի բա­րի հոգ­ւոյն ու կը ցաւակցինք հա­րա­զատ­նե­րուն եւ սի­րե­լի­նե­րուն։

Երեքշաբթի, Յուլիս 21, 2015