ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ՄԷՋ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ՝ ձեռամբ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեանի։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան գլխաւորութեամբ շարականագէտ Նշան Սրկ. Չալկըճեանի։ Ներկայ էին Լեւոն Սրկ. Գույումճեան, Գանատայէն՝ Կարպիս Սրկ. Չիչէքեան եւ Մուրատ Սրկ. Քարաքաշեան, ինչպէս նաեւ դպիրներ՝ Անդրանիկ Տուփինեան, Եփրեմ Միհրանեան, Ասատուր Իչլինալչա, Գէորգ Թիւյսիւզեան, Հաճը Եըլմազ, Մարտիրոս Մարտիկեան եւ Շահին Քալայ։
Հաւատացեալները այս անգամ եւս լեցուցած էին Վոսփորի արեւելեան ափի մեր այս գողտրիկ սրբավայրը, ուր բարձր էր նաեւ Ս. Հաղորդութիւն ստացողներուն թիւը։
Յաւարտ կրօնական արարողութեան, եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան մը։ Բացօթեայ այս հաւաքոյթին ընթացքին Տէր Հայրը, դպիրներն ու հաւատացեալները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեանի եւ իր ընկերներուն կողմէ։ Տիկնանց յանձնախումբին կողմէ սարքուած սեղաններուն շուրջ բոլոր ներկաները անմիջական զրոյց ունեցան իրարու միջեւ։