ԼԱՅՆԱԽԱՐԻՍԽ ԵՒ ԱՐԴԱՐ

Երէկ յետմիջօրէին, Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ համայնքային կարեւոր խորհրդակցութիւն մը, Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի գլխաւորութեամբ։ Այսպէս, Պատրիարքարանի երդիքին տակ համախմբուեցան Նախաձեռնարկ մարմնի անդամներն ու մեր հաստատութիւններու մատակարար մարմիններու ատենապետները կամ լիազօր ներկայացուցիչները։ Այս համատեղ ժողովին ընթացքին օրակարգի վրայ եկան պատրիարքական ընտրութեան կազմակերպման գործընթացին վերաբերեալ շարք մը կարեւոր հարցեր։ Ժողովը սկսաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի աղօթքով։ Նախաձեռնարկ մարմնի դիւանի ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչ եւ ատենադպիր Խաչիկ Ճանէլ սկիզբին հանդէս եկան ամփոփ ողջոյնի խօսքերով։ Պատրիարքարանի քոթայէն Նախաձեռնարկ մարմնի անդամ նշանակուած երկու հոգեւորական անդամները՝ Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեան եւ Կրօնական ժողովի ատենադպիր Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան բացակայեցան ժողովէն։ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան թէեւ Պատրիարքարանի մէջ էր եւ միայն պահ մը մուտք գործեց ժողովասրահ։

ՔԷՕԼԷԴԱՒԻԹՕՂԼՈՒԻ ԶԵԿՈՒՑՈՒՄԸ

Երէկուան համատեղ խորհրդակցութեան ընթացքին հիմնական ատենախօսն էր Նախաձեռնարկ մարմնի դիւանի փոխ-ատենապետ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու։ Ժողովի սկիզբին ան ծաւալուն զեկուցումով մը հանդէս եկաւ՝ ընտրողներու ցուցակներու արդիականացման ու կատարելագործման հարցին շուրջ։ Իր խօսքերէն յայտնի կը դառնար, որ Նախաձեռնարկ մարմինը համայնքէն ներս կը նախատեսէ զօրաշարժ մը ստեղծել՝ լայնախարիսխ մասնակցութիւնով արդար ընտրութիւն մը կազմակերպելու առաջադրութեամբ։

Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու երէկ ժողովականներուն բացատրեց, որ պատրիարքական ընտրութեան կատարեալ իրագործումը կախում ունի ընտրողներու ցուցակներու կատարելագործումէն։ Հաշուի առնելով, որ ընտրողներու ցուցակներու արդիականացման ու կատարելագործման հարցը կը ներկայացնէ լուրջ կարեւորութիւն՝ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու այս նիւթը մեկնաբանեց արդար ու ժողովրդավարական ընտրութիւն մը կազմակերպելու տեսանկիւնէն։ Իր խօսքերով, համայնքային կեանքէն ներս երկար ժամանակէ ի վեր տեղի չեն ունենար ընտրութիւններ։ Սա հիմնական պատճառ մըն է կանխաւ ընդունելու համար, որ մեր ընտրողներու ցուցակները կարիք ունին կատարելագործման։ Բազում օրինակներով փաստուած է, որ մեր համայնքի մահացած անդամները յաճախ տակաւին տեղ ունին ընտրողներու ցուցակներուն վրայ։ Թուրքիոյ մէջ նոր հաստատուած դրութիւնով՝ ընտրողներու տարիքի սահմանը իջեցուած է 18-ի։ Հետեւաբար, մեր համայնքի պարագային ալ ընտրողներու ցուցակները պէտք է համապատասխանեցուին այս կացութեան եւ 18 տարեկանի հասած մեր երիտասարդներն ալ պէտք է ընդգրկուին այդ ցուցակներուն վրայ։ Քէօլէդաւիթօղլու յիշեցուց, որ մասնաւորապէս 1999 թուականի երկրաշարժէն վերջ, քաղաքէս ներս մեր համայնքի անդամներու ժողովրդագրական տեղաշարժը թափ ստացած է։ Սա պատճառ դարձած է, որ մարդիկ՝ որպէս թաղեցի արձանագրութիւններ ունենան մէկէ աւելի եկեղեցիներու մօտ։ Կրկնակի արձանագրութիւնները եւ տուեալ անձերու պատկանած ընտրաշրջանին յստակեցումը ներկայ փուլի հիմնական մարտահրաւէրներէն մին է։ Քէօլէդաւիթօղլու յոյս յայտնեց, որ քաղաքացիութեան համարներուն շնորհիւ կարելի կրնայ ըլլալ կրկնակի արձանագրութիւններու խնդիրները կանխել։ Քէօլէդաւիթօղլու ընդգծեց, որ քաղաքիս 32 ընտրատարածքներէն ներս այս հարցերուն շուրջ պէտք է լուսաբանուի մեր ժողովուրդը։ Իւրաքանչիւր եկեղեցի ընտրական շըր-ջան մը պիտի համարուի ու պիտի բնորոշէ ընտրատարածք մը, հետեւաբար այս աշխատանքները պիտի տարուին մեր եկեղեցիներու շրջակայքին։

Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու երէկուան զեկոյցին մէջ յայտնեց, որ մեր հոգեւորականաց դասու անդամները եկեղեցիներէն ներս աղօթքներու աւարտին պէտք է հայրաբար խորհուրդ տան հաւատացեալներուն, որպէսզի հետամուտ ըլլան իրենց արձանագրութիւններու հարցերով։ Նախաձեռնարկ մարմինը յարմար կը դատէ, որ մեր վարժարաններն ու սանուց միութիւններն ալ ներգրաւուին այս աշխատանքներուն։ Աշխոյժ երիտասարդները պէտք է աշխատանքի հրաւիրել, որովհետեւ անոնց օգնութիւնը կը համարուի անհրաժեշտ։ Քէօլէդաւիթօղլուի խօսքերով, մեր վարժարաններէն ներս համապատասխան յանձնարարութիւններ պէտք է կատար-ւին աշակերտներու արձանագրութեանց ժամանակ։ Այն հաստատութիւնները, որոնք կրթաթոշակ կը տրամադրեն՝ իրենց նպաստընկալներուն կրնան դիմել նոյն նպատակով։ Նախաձեռնարկ մարմինը համայնքային մամուլին ալ աջակցութիւնը կը նախատեսէ այս նիւթին շուրջ։  Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու շեշտեց, որ ընկերային ցանցերն ալ նկատի պէտք է առնուին՝ նոր ընտրողներու ցուցակի պատրաստութեան համար։ Այսինքն, «Հայլիստ»ի, «Նոր զարթօնք»ի նման համայնքին ուղղեալ ընկերային ցանցերու անդամներն ալ պէտք է արձանագ-րըւին ընտրողներու ցանկերուն վրայ։

Զեկուցման տեւողութեան Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու աւելցուց, որ մեր եկեղեցիները պէտք է ստեղծեն նաեւ իրենց տեղական ընտրական մարմինները։ Ըստ թաղեցիներու քանակին ու խտութեան տուեալ թաղային խորհուրդը պէտք է որոշէ, թէ քանի հոգիէ կրնայ բաղկանալ իր տեղական ընտրական մարմինը։ Հայահոծ թաղերու պարագային խորհուրդ կը տրուի տեղական ընտրական մարմինները աւելի բարձր թիւով անդամներէ կազմել։ Ընտրողներու արձանագրութիւնները պիտի կատարուին տուեալ եկեղեցւոյ մատակարար մարմնին կողմէ եւ Նախաձեռնարկ մարմինը պիտի վերահսկէ այդ բոլորը։ Տեղական ընտրական մարմինները պիտի ըլլան Նախաձեռնարկ մարմնի երկխօսը։ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու խորհուրդ տուաւ յառաջիկայ երկու շաբթուան ընթացքին ձեւաւորել տեղական ընտրական մարմինները։

Ներկայ կանխատեսումներով, թաղերէ ներս մասնաւոր յանձնախումբեր պէտք է ստեղծուին՝ ընտրողներու արձանագրութեան համար։ Նախաձեռնարկ մարմինն ալ համապատասխան յանձնախումբ մը հիմնած է իր կազմէն ներս՝ այս խնդրին վրայ կեդրոնանալու առաջադրութեամբ։ Մեր համայնքի անդամները որեւէ տեղ կրնան արձանագրուիլ, պայման չէ իրենց բնակութեան վայրին մէջ ըլլալը։ Անոնք նոյնիսկ կրնան իրենց նախընտրած եկեղեցւոյ մէջ քուէարկել՝ պայմանաւ, որ համապատասխան հարցաթերթիկ մը լրացնեն, եթէ կը նախընտրեն իրենց բնակութեան շրջանէն դուրս քուէարկել։ Իրականութեան մէջ, ընտրողներու արձանագրութեան վայրը պէտք է գտնուի այն շրջանին մէջ, ուր իրենց հասցէագրուած պաշտօնական նամակները կը հասնին։

Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլուի զեկուցման զուգահեռ Նախաձեռնարկ մարմնի ներկայացուցիչները երէկ ժողովականներուն ներկայացուցին համակարգչային մթնոլորտի մէջ եւ համապատասխան ձեւաչափով պատրաստուած՝ ընտրողներու արձանագրութեան թերթիկներ։ Այդ հարցաթերթիկները պիտի լրաց-ւին, պիտի կեդրոնացուին համակարգչային մթնոլորտի մէջ, առցանց դրութիւն մը պիտի հաստատուի եւ այդ հիման վրայ կրկնակի արձանագրութիւնները կանխել հնարաւոր պիտի ըլլայ։

Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու նշեց, որ ներկայիս մեր համայնքը իւրացուցած է պատրիարքական ընտրութեան գաղափարը, ուստի այդ ընտրութիւնը պէտք է կազմակերպուի համայնքին վայել, պատշաճ ձեւով։ Իր խօսքերով, լաւագոյն պայմաններով պատրիարքական ընտրութիւնը իրականացնել կարելի կրնայ ըլլալ յառաջիկայ Դեկտեմբերի կէսին։ Նախաձեռնարկ մարմինը մտադիր է ի պահանջել հարկին նոյնիսկ արհեստավարժ աջակցութիւն ստանալ։

ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Այս զեկուցումէն վերջ խորհրդակցութեան մասնակիցները ծաւալեցին որոշ քննարկումներ։ Հարկ է նշել, որ ատեն-ատեն փոթորկոտ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցան այդ քննարկումները։ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդէն իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ յայտնեց, որ շուրջ տասն տարիէ ի վեր համայնքէն ներս տեղի չէ ունեցած ընտրութիւն։ Բոլոր մատակարար մարմիններու պաշտօնավարութեան օրինական ժամկէտը լրացած է վաղուց։ Իր կարծիքով, ներկայ մատակարար մարմինները կը համարուին ապօրինի եւ այդ մարմիններուն կողմէ ստեղծուած նախաձեռնարկ մարմինն ալ ապօրինի է։ Սիմոն Չեքէմ օրակարգի վրայ բերաւ այն հարցումը, թէ ի՞նչ հիմքի վրայ թաղեցիներու կամ ընտրողներու ցուցակներ պիտի պատրաստուին։ Արդարեւ, որոշ ժամանակաշրջաններու մէջ կատարուած փոփոխութիւններու լոյսին տակ կարգ մը շրջաններու որոշ թաղամասերու պատկանելիութեան խնդիրը գոյութիւն ունի վաղուց։ Ընտրական կանոնադրութիւններու խնդրին պղտորութիւնն ալ կը մնայ առկայ։ Ըստ իրեն, Նախաձեռնարկ մարմինը պէտք է կանոնադրութիւն մը ապահովէ պետութենէն։

Սիմոն Չեքէմի քննադատական արտայայտութիւնները ժողովասրահին մէջ ստեղծեցին որոշ լարուածութիւն։ Ձգտեալ վիճակի մէջ, Նախաձեռնարկ մարմնի դիւանի ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչ պահ մը նոյնիսկ դահլիճէն դուրս հրաւիրեց Սիմոն Չեքէմը՝ թէեւ այդքան ծայրայեղութեան դիմելու անհրաժեշտութիւնը չէր ստեղծուած։ Իր կարգին, Սիմոն Չեքէմ յայտնեց, որ համայնքը պէտք է մտածէ, թէ 2017 թուականի դրութեամբ ինչպէ՞ս կարելի է պատրիարք մը ընտրել, մանաւանդ հին խնդիրներէն քաղելով անհրաժեշտ դասերը։ Ան յիշեցուց Պէյօղլուի մէջ մօտաւոր անցեալին ծագած խնդիրները, որոնց հիմնական պատճառն էր՝ վիճելի ընտրողներու ցուցակներու հարցը։

Քննարկումներու տեւողութեան համոզիչ ու պաղարիւն փաստարկներ ներկայացուցին Նախաձեռնարկ մարմնի կազմէն Թադէոս Պէպէք, Սարվէն Սէրթշիմշէք, իրաւաբան Սեպուհ Ասլանկիլ եւ Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Տիգրան Գէորգեան։ Նախաձեռնարկ մարմնին մօտ նոյնիսկ մտադրութիւն կայ, որ Թուրքիոյ հայազգի ընտրողներու ցուցակը ապահովելու համար շփում մշակուի Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդին հետ։ Այս կէտին վրայ յաւելեալ մանրամասնութիւններ չհաղորդուեցան։

Սիմոն Չեքէմի կողմէ արծարծուած վերապահութիւններուն կապակցութեամբ վերոյիշեալ ժողովականները ի մէջ այլոց դիտել տուին, որ պատրիարքական ընտրութիւնը եւ համայնքային հաստատութիւններու մատակարար մարմիններու ընտրութիւնները ուղղակիօրէն կապ չունին իրարու հետ։ Ազգային Սահմանադրութեան տրամադրութիւններուն նմանութեամբ կանոնադրութիւն մը ուղարկուած է պետութեան կողմէ՝ վերջին բոլոր պատրիարքական ընտրութիւններուն։ Այս անգամ ալ յաչս պետութեան դիմում պիտի կատարուի՝ նման կանոնադրութեան մը հասնելու համար։ Իւրաքանչիւր ընտրատեղամասին վիճակած պատգամաւորի թիւը կը ճշդուի՝ ըստ այդ ընտրաշրջանի բնակչութեան խտութեան։ Նախաձեռնարկ մարմինը պատրիարքական ընտրութեան կանոնադրութիւն մը կամ կանոնադրութեան նախագիծ մը մշակելու լիազօրութիւնը չունի։ Անոր վիճակած գործն է՝ տուեալ պայմաններով նոր պատրիարքի մը ընտրութեան կազմակերպումը։ Իսկ պետութեան կողմէ ակնկալուած կանոնագրութիւնը պիտի ուղարկուի՝ համայնքին անունով Նախաձեռնարկ մարմնին կողմէ կատարուելիք դիմումէն վերջ։ Առանց այդ դիմումին արդէն կարելի չէ ակնկալել կանոնագրութեան մը ուղարկուիլը պետութեան կողմէ։ Այս անգամուան պատրիարքական ընտրութիւնն ալ պիտի կատարուի Հանրապետական շրջանի նախորդ ընտրութիւններուն օրինակով։

Հաւաքոյթի եզրափակիչ փուլին շեշտուեցաւ, որ Նախաձեռնարկ մարմինը եւ մեր հաստատութիւններու ղեկավարութիւնները հետամուտ պէտք է ըլլան՝ առաւել չափով ընտրողներու արձանագրութեան։ Եթէ մեր համայնքի անդամներու արձանագրութիւնները կարելի ըլլայ կուտակել համակարգչային շտեմարանի մը մէջ, ապա առցանց դրութիւնով արդէն դժուար պիտի չըլլայ անոնց ընտրատեղամասերու սահմաններուն մէջ բաշխուիլը։ Հետեւաբար, արձանագրութիւններու խնդիրը միշտ կարեւորուեցաւ ու շեշտուեցաւ, որ պատրիարքական ընտրութեան նախապատրաստական աշխատանքները յառաջ պէտք է տարուին հասարակաց միտքով եւ գերադասելով մեր համայնքի ապագան։ Այս գործին մէջ, անտարակոյս կարեւորութիւն կը ներկայացնէ նաեւ բարեացակամութիւնը։

Ժողովականներու արձակման պահուն Նախաձեռնարկ մարմնի անդամները անմիջական խօսակցութեան ձեւաչափին մէջ տուին նաեւ կարգ մը բացատրութիւններ։ Անոնք շեշտեցին, որ բուն գործընթացի՝ այսինքն պատրիարքական ընտրութեան թոյլտուութեան համար տակաւին պաշտօնապէս դիմում չէ ներկայացուած Իսթանպուլի կուսակալութեան եւ այդ քայլը առնելու համար կը սպասուի յարմարագոյն պահուն։

ՆԱԽԱՁԵՌՆԱՐԿ ՄԱՐՄՆԻ ԺՈՂՈՎ

Միւս կողմէ, Պատրիարքարանի երէկուան խորհրդակցութեան աւարտին Նախաձեռնարկ մարմնի անդամները գումարեցին նաեւ առանձին ժողով մը։

 

Ուրբաթ, Յուլիս 21, 2017