ՏԱՂԱՒԱՐԻ ԱՌԹԻՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՄԵԾ ՀՐՃՈՒԱՆՔ

Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին շաբաթավերջին նշեց Վարդավառի տօնը։ Տաղաւարի հրճուանքը այս տարի արտասովոր բնոյթ ունէր, որովհետեւ քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ, երկար ժամանակ վերջ առաջին անգամ մեր եկեղեցիներէն ներս տօնակատարութիւն տեղի ունեցաւ հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։ Ներկայ ամրան շրջանին Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Վարդավառի տօնը առիթ դարձաւ հոգեւոր հրճուանքի։ Պատարագիչն էր Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ խրատական մը։ 

Երեքշաբթի, Յուլիս 21, 2020