Հինգշաբթի 8, Յունիս 2023
ՍԻՊԻԼ ԱՄՆ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ, յառաջիկայ Հոկտեմբերի 24-ին Նիւ Ճըրզիի մէջ տեղի պիտի ունենայ համերգ մը, որու կազմակերպիչն է Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը։ Այս վերջնոյն պատկան մասնաճիւղերը համերգի հրաւիրած են երկու յայտնի մեներգչուհիներ՝ Նունէ Եսայեանն ու Սիպիլը։ Ձեռնարկին պիտի մասնակցին նաեւ Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբը եւ «Արեգակ» երգչախումբը։
Ուստի, յառաջիկայ աշնան Սիպիլ ԱՄՆ պիտի ուղեւորուի այս ձեռնարկին համար։
Ուրբաթ, Օգոստոս 21, 2015
Թրքահայ կեանք
- 06/08/2023