ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՄԷՋ ԵՂԱՆԱԿԻ ՓԱԿՄԱՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ եղանակի փակման հանդիսութիւնը։ Կազդուրման կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկը առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Տարեվերջի մանկանց հանդէսին ներկայ գտնուեցան Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան, Եղիա Սրկ. Չալըշըր, Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլու եւ Գէորգ Սրկ. Ներկիզ։ Հանդիսատեսներ խաղավայրը ամբողջութեամբ լեցուցած էին այս հանդէսին բերումով։ Կղզեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեան եւ իր գործակից ընկերները եւս ներկաներու շարքին էին։ Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի ատենապետ Արի Չոլաք եւ իր գործակից ընկերները, տնօրէնուհի Լիզա Չոլաքօղլու եւ միւս պատասխանատուները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր հանդիսատեսները։

Յայտագրին տեւողութեան ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Արի Չոլաք եւ Լիզա Չոլաքօղլու։ Տղաքն ալ յաջող ելոյթներով մասնակցութիւն բերին յայտագրին, որուն մաս կը կազմէին պարեր, մեներգներ, խմբերգներ, թատերակներ։ Յայտագրի պատրաստութեան աշխատանքները վերահսկած էին Գարօլին Իւչէր, ուրարակիր Հրանդ Չիզմէճեան, Միրնա Չոլաք, Ռաֆֆի Տէր-Գէորգեան եւ Այլին Էօճալ։ Երեկոյթի մեներգիչներն էին Մելիսա Չավուշեան եւ Էլլա Ենոքեան։ Հանդիսավարներն էին՝ Նայիրի Պենլիօղլու եւ Հրակ Չաքմաքճը։ 

Հանդիսութեան աւարտին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի ձեռամբ օրհնութեան գիրեր յանձնուեցան բոլոր անոնց, որոնք Կազդուրման կայանի ամրան շրջանի ծրագրերուն մասնակցութիւն բերած էին որպէս հսկիչ կամ ուղեցոյց։ Ապա հայր սուրբի արտասանած հուսկ բանքով յայտագիրը հասաւ աւարտին։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 21, 2019