ՆԵՐՍԷՍԵԱՆ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍՈՒ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ ԳՆԱԼԸԻ ՄԷՋ

Երէկ, Գնալըի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Ներսէսեան դպրաց դասու հիմնադրութեան տարեդարձին առթիւ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ՝ ձեռամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Ներսէսեան դպրաց դասու անդամներուն կողմէ՝ առաջնորդութեամբ դպրապետ Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլուի եւ երգեհոնահարութեամբ Սիրուն Սիրունեանի։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութեանի առաջնորդութեամբ Ներսէսեան դպրաց դասու դպիրները։

Ինչպէս ծանօթ է, Ս. Ներսէսեան դպրաց դասու տարեդարձը ամէն տարի կը նշուէր մեծ շուքով, հոգեւոր ու աշխարհիկ հանդիսութիւններով։ Սակայն, այս տարուայ քորոնա համավարակի պայմանները նկատի ունենալով, դասու անդամները բաւարարուեցան հոգեւոր հանդիսութեամբ ու հոգեհանգստեան աղօթքներով յիշատակեցին դպրաց դասու բոլոր վախճանեալ նախագահներն ու անդամները։

Նախքան Տէրունական աղօթքը, հայր սուրբը քարոզեց «Ով որ կը պարծենայ՝ թող Տիրոջմով պարծենայ» (Բ. Կորնթ. 10.17) բնաբանով եւ անդրադարձաւ Քրիստոսի ճշմարիտ առաքեալն ու հետեւորդը դառնալու հրամայականին։ Պօղոս առաքեալ Կորնթացիներուն գրած նամակին մէջ առաջին հերթին յատուկ ձեւով կը շեշտէ, թէ պէտք է Աստուծոյ անունով պարծենանք եւ ոչ թէ մեր անձերով։ Մարդկութիւնը պէտք է տեսնէ տուիչը օրհնութեան, իմաստութեան ու խաղաղութեան եւ այս մէկը պէտք չէ վերագրէ իր անձին։ Ան իր խօսքերու աւարտին ըսաւ. «Այն անհատը որ Տիրոջմով կը պարծենայ, Տէրը իրեն պիտի շնորհէ այնպիսի օրհնութիւն մը, որ այլոց կողմէ նոյնիսկ գովասանքի պիտի արժանանայ։ Եկէ՛ք գովենք մեր Տէրը ու պատրաստ ըլլանք իրմէ օրհնութիւն ստանալու»։

Յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Ս. Ներսէսեան դպրաց դասու հիմնադիրներուն, նախագահներուն, երաժիշտներուն ու անդամներուն հոգիներուն։ Յատկապէս յիշատակուեցան եկեղեցւոյ անդրանիկ հոգեւոր սպասաւորը՝ Տ. Դիոնէսիոս Ա. Քահանան, երանաշնորհ Շնորհք եւ Մեսրոպ պատրիարքները։ Արարողութեան աւարտին Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութեան տեղական լեզուով համառօտեց նաեւ օրուայ պատգամը։

Ս. Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ պարտէզը, Գնալըի թաղային խորհուրդի անդամներուն եւ դպրաց դասու ներկայ անդամներու մասնակցութեամբ՝ տարեդարձին առթիւ պատրաստուած կարկանդակը կտրուեցաւ հայր սուրբին կողմէ։ Այս առիթով հայր սուրբը իր սրտի խօսքը արտասանեց ներկաներուն եւ յայտնեց, թէ քորոնա համավարակի պատճառաւ սահմանափակած էին տօնակատարութիւնը, սակայն կիրակնօրեայ արարողութիւնը առիթ դարձած էր, որ յիշատակուէին դպրաց դասու երախտաւորները։ Հայր սուրբը այս առթիւ իր գնահատանքը յայտնեց Կղզեաց թաղային խորհուրդին՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Լեւոն Շատեանի, քանի անոնք միշտ նեցուկ կը կանգնին դպրաց դասու գործունէութեանց։ Այս տարի թէեւ բազում ծրագիրներ ջնջուեցան համավարակի պատճառաւ, սակայն եղբայրական գործակցութեան որպէս հետեւանք՝ եկեղեցական արարողութիւնները շարունակուեցան առողջապահական կանոններուն ուշադրութիւն ընելով։ Այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց դպրաց դասու բոլոր սարկաւագներուն ու դպիրներուն, որոնք զոհողութիւն յանձն առնելով արարողութեանց մասնակցեցան, վասն պանծացման եկեղեցւոյ։ Ան իր խօսքերու աւարտին մաղթեց, որ յաջորդ տարի համավարակի ժխտական ազդեցութիւնը հեռանայ մեր առօրեայէն ու Գնալը կղզին միասնական ոգիով վերադառնայ իր գործօն ծառայութեան։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2020