ԾԱՆՐ ՊԱՅՔԱՐԻ ՇՐՋԱՆ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիրն ու փոխ-ատենապետ Հերման Գավաֆեանը։ 2021-2022 կրթական շրջանի սկիզբին զուգահեռ կը բացուի նաեւ մատաղօրհնութիւններու եղանակը։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, եղանակի առաջին մատաղօրհնութիւնը տեղի պիտի ունենայ այս շաբաթավերջին՝ ի նպաստ Սահակեան-Նունեան վարժարանի։

Պոլսահայ կրթական համակարգը ներկայիս շատ ծանր ժամանակաշրջան մը կը դիմագրաւէ։ Մեր կարգ մը կրթօճախներու գոյութիւնը վտանգուած է։ Ստեղծուած դժուարութիւններէն առաւելագոյն բաժին կը հասնի նաեւ Սամաթիոյ ընտանիքին։ Դժուարութիւնները բազմապատկուած են համաճարակի հետեւանքով։

Երէկուան զրոյցի ընթացքին մեր հիւրերը յայտնեցին, որ առաջին հերթին երախտագիտութեան մեծ պարտք մը ունին վարժարանի ուսուցչական կազմի անդամներու նկատմամբ, որովհետեւ անոնք համավարակի շրջանին աշխատած են առանց ամսականներու որեւէ յաւելումի։ Այդ զոհողութիւնը ընելու առընթեր, անոնք մեծ եռանդ ցուցաբերած են, որպէսզի հեռավար ուսուցման պայմաններուն ներքեւ տղաքը հնարաւորինս լաւ պատրաստուին։

Տեմիր եւ Գավաֆեան ընդգծեցին, որ Սամաթիոյ ընտանիքը այս տարի արտակարգօրէն ծանր պայքարի մթնոլորտին մէջ ելք կը փնտռէ տարեկան աւանդական մատաղօրհնութիւնով, որմէ քաղուելիք հասոյթը, առանց չափազանցութեան, ճակատագրական նշանակութիւն պիտի ունենայ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2021