«ՆԵՒՄԵՔԱՆ»Ի ՄԷՋ ՀԱՄԵՐԳ
Սկիւտարի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ երէկ երեկոյեան կազմակերպուեցաւ եզակի համերգ մը, որուն մասնակցութիւն բերաւ նաեւ մեր համայնքէն յայտնի ու համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ։ Այս համերգը կազմակերպուած էր քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ ստեղծուած նոր մշակոյթի կեդրոնի մը բացման շարժառիթով։ Արդարեւ, Սկիւտարի մէջ երկար տասնամեակներ որպէս հանրակառքերու կայանատեղի օգտագործուած ընդարձակ տարածքը այժմ վերածուած է մշակոյթի կեդրոնի մը ու կոչուած՝ «Նեւմեքան»։ Այս մշակոյթի կեդրոնի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Սկիւտարի քաղաքապետ Հիլմի Թիւրքմէնի մասնակցութեամբ։ Համերգի կազմակերպիչները երեկոյթի ծրագրին մէջ ներգրաւած էին շարք մը արուեստագէտներ, որոնք ցարդ նուաճած են մրցանակներ։ Այս շրջագծով Սիպիլն ալ ներկայացաւ հանդիսատեսներուն՝ մեկնաբանելով հայկական երաժշտութենէն երեք նմոյշներ՝ իր ուրոյն կատարողական ոճով։
Հարկ է նշել, որ համերգին զուգահեռ «Նեւմեքան»ի բացման առթիւ կազմակերպուած էր նաեւ ցուցահանդէս մը։
Երէկուան հանդիսաւոր երեկոյթին հրաւիրուած էին նաեւ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յովհաննէս Կոպոյեան, փոխ-ատենապետ Սեպուհ Աւրուզ եւ անդամուհիներէն Պայծառ Սոլաք։
Միւս կողմէ, հարկ է նշել, որ Սիպիլ այսօր կը մեկնի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուր Նիւ Ճըրզիի մէջ համերգով մը հանդէս կու գայ՝ հայկական երաժշտական աստղերէն Նունէ Եսայեանի հետ։