ՖԷՐԻԳԻՒՂՑԻՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ իր ընկերները նախընթաց օր այցելեցին Պատրիարքարան։ Այս առթիւ, թաղի տարեկան սիրոյ սեղանին ընդառաջ անոնք ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։ Ներկայ էր նաեւ թաղի եկեղեցւոյ երէց Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։
Ֆէրիգիւղցիները Նորին Սրբազնութեան նկատառման յանձնեցին Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ եւ Մէրամէթճեան վարժարանի ընդհանուր գործունէութեան վերաբերեալ մանրամասնութիւններ։
Ընդհանուր Փոխանորդը, որ պիտի հովանաւորէ շաբաթավերջի կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւնները, բարձր գնահատեց Ֆէրիգիւղի ընտանիքին կողմէ կատարուած աշխատանքները, նաեւ փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքը։