ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԻ ԱՌԹԻՒ ՓԱՌԱՏՕՆ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՍԱՀԱԿԵԱՆ-ՆՈՒՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Ս. Թարգմանչաց տօնին առթիւ փառատօն մը տեղի ունեցաւ Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանին մէջ։ Բացօթեայ նախատեսուած էր ձեռնարկը, որ տեւեց ամբողջ օր մը։ Թարգմանչաց տօնը սահակեանցիներու կողմէ արժեւորուեցաւ փառատօնի մը ձեւաչափով՝ արտասանութիւններով, երաժշտութիւնով ու սքեչներով։ Այս բոլորին առընթեր, «Ոմանք» խումբն ալ համերգով մը հանդէս եկաւ դպրոցի պարտէզին մէջ։

Համավարակի հետեւանքով աւելի քան մէկուկէս տարի դպրոցէն եւ ընկերային կեանքէ հեռու մնացած տղաքը այս փառատօնով թէ՛ խանդավառուեցան եւ թէ հերթական անգամ համոզուեցան մայրենի լեզուի կարեւորութեան մասին։ Անոնք թարմացուցին իրենց գիտելիքները Հայոց գիրերու գիւտին մասին։ Հայերէնի ուսուցչուհի Լիանա Պենլիի կողմէ թռչնագիրերով պատրաստուած աշակերտներու անուններուն շնորհիւ ալ տղաքը ա՛լ աւելի իւրացուցին այս ձեռնարկը։

Յայտագիրը գործադրուեցաւ աւարտական դասարանի սաներէն Էլիզապէթ Հավլիճիի եւ Սեւան Աշճեանի հանդիսավարութեամբ։ Տնօրէնուհի Լիանա Եըլանճըօղլու հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։

Աշակերտներու ելոյթներէն վերջ բեմ առաւ «Ոմանք»ը, որու գործադրած յայտագիրը բազմապատկեց օրուան խանդավառութիւնը։

Հուսկ բանքը արտասանեց թաղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան, որ բոլորին յորդորեց անդրադառնալ գիրերու գիւտի արժէքին հայ ազգի տեսակէտէ եւ այբուբենի անհրաժեշտութեան՝ գոյատեւման համար։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2021