«ՈՄԱՆՔ» ԽՈՒՄԲԸ ԵՐԷԿ ՀԱՄԵՐԳՈՎ ՄԸ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՒ «ՔՈՒՄՊԱՐԱ» ՍՐՃԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

«Ո­մանք» խում­բը, ո­րու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ե­րաժշ­տա­սէր շրջա­նակ­նե­րուն կող­մէ հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի մօ­տիկ հե­տաքրք­րու­թեան կ՚ար­ժա­նա­նայ, ե­րէկ ե­րե­կո­յեան հան­դէս ե­կաւ իր հեր­թա­կան հա­մեր­գով։ «Քում­պա­րա» սրճա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ձեռ­նար­կը, ո­րու ըն­թաց­քին «Ո­մանք»ի ե­րի­տա­սարդ­նե­րը յա­ջո­ղու­թեամբ գոր­ծադ­րե­ցին ի­րենց յայ­տա­գի­րը՝ հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թեան հետ շփման ե­զա­կի ա­ռիթ մը ըն­ձե­ռե­լով գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րուն հա­մար։ Յայ­տագ­րին մաս կը կազ­մէին գոր­ծեր, ո­րոնց կար­գին էին բո­լո­րին կող­մէ այն­քան սի­րուած հայ­կա­կանե­րաժշ­տու­թե­նէն նմոյշ­ներ, նաեւ ա­նոր սահ­ման­նե­րէն դուրս կա­տա­րում­ներ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 21, 2015