ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԴՐՍԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Թաւրա եւ իր ընկերները նախընթաց օր այցելեցին Պատրիարքարան, ուր հիւրընկալուեցան Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։ Թաղականներուն հետ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Եղիա Քհնյ. Քերվանճեան։
Թաղականները Նորին Սրբազնութեան տեղեկացուցին, թէ Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ բարեզարդման աշխատանքները, որոնք միջոցէ մը ի վեր ընթացքի մէջ էին, արդէն հասած են իրենց աւարտին։ Հիմա արդէն կարգը եկած է պաշտամունքի վերաբացման։ Զրոյցի տեւողութեան թաղականները մանրամասնութիւններ փոխանցեցին իրականացուած գործին առընչութեամբ։ Նորին Սրբազնութիւնը թաղականներուն յղեց իր գնահատանքն ու շնորհաւորութիւնը՝ սոյն ծրագրի ի կատար ածուելուն առթիւ։ Ան փոխանցեց նաեւ իր օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքը։
Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցին պաշտամունքի պիտի վերաբացուի յառաջիկայ շաբաթավերջին նախատեսուած աւանդական արարողութիւններով։