ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Գալ­ֆաեան Տան հիմ­նադ­րու­թեան 150-ա­մեա­կը շա­բա­թա­վեր­ջին բնո­րո­շեց մեր հա­մայն­քին օ­րա­կար­գը։ Մեր կրթա­կան կեան­քէն ներս իս­կա­պէս ե­զա­կի ա­ռա­քե­լու­թեամբ այս հաս­տա­տու­թեան յո­բե­լեա­նը նշուե­ցաւ կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ ա­ւան­դա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րով, ո­րոնք տե­ղի ու­նե­ցան Գում­գա­բուի մէջ։ Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մա­լի­րէն ներս ե­րէկ ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րէն սկսեալ ապ­րուե­ցաւ մեծ ե­ռու­զեռ։ Գալ­ֆաեա­նի 150-ա­մեա­կին ձօ­նուած տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն հան­դի­սա­պե­տեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Օ­րուան Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց Տ. Ան­դրէաս Ա. Քհնյ. Յա­կո­բեան։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Ռո­պէր Սրկ. Քիւ­չիւ­քաք­պու­լութ եւ այլ դպիր­ներ։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան Գող­թան Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բին կող­մէ՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ Յով­սէփ Գու­յուամ­ճեա­նի եւ եր­գե­հո­նա­հա­րու­թեամբ Կար­պիս Քը­լը­ճեա­նի։ Ներ­կայ էր նաեւ Քոյր Գա­յիա­նէ Տուլ­քա­տի­րեան։ Օ­րուան պատ­գա­մը տուաւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։

­Յա­ւարտ Ս. Պա­տա­րա­գի մաս­նա­ւոր հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօ­նով ո­գե­կո­չուե­ցան Գալ­ֆաեան Ուխ­տի հիմ­նա­դիր բա­րե­յի­շա­տակ Սրբու­հի Մայ­րա­պետ Գալ­ֆաեան եւ միա­բա­նու­թեան հան­գու­ցեալ բո­լոր ան­դամ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ վար­ժա­րա­նին սա­տա­րող­նե­րը, վար­չա­յին­նե­րը, կրթա­կան մշակ­նե­րը եւ սա­նե­րը։

Կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ յա­րա­կից «Պէզ­ճեան» սրա­հին մէջ սար­քուե­ցաւ սի­րոյ սե­ղան։ Աշ­խար­հիկ հան­դի­սու­թեան եւս նա­խա­գա­հեց Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Ներ­կայ էին Իս­թան­պու­լի ե­րես­փո­խան Մար­գար Է­սաեան, Սեւ ծո­վեան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան մօտ Հա­յաս­տա­նի մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­սէն Ա­ւա­գեան, Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թո­րոս Ալ­ճան, բա­րե­րար­ներ, բազ­մա­թիւ ծա­նօթ ազ­գա­յին­ներ, հա­մայն­քա­յին մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, հա­մա­կիր­ներ եւ հիւ­րեր։ Տիկ­նանց կազ­մին կող­մէ պատ­րաս­տուած սե­ղան­նե­րուն շուրջ ներ­կա­նե­րը հիւ­րըն­կա­լուե­ցան ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ։

Օ­րուան յայ­տա­գի­րը գոր­ծադ­րուե­ցաւ հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ Ար­լէթ Ին­ճի­տիւ­զէ­նի։ Ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան Խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Տիա­նա Գամ­բա­րո­սեան, Խնա­մա­կա­լու­թեան ան­դամ­նե­րէն Յա­րու­թիւն Շէ­շէ­թեան, վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Թա­մար Ներ­կիզ եւ նախ­կին շրջա­նա­ւարտ­նե­րէն ե­րէց­կին Սիլ­վա Տա­մա­տեան (Առանձնապէս պիտի հրատարակենք մեր վաղուան թիւով)։ Գե­ղա­րուես­տա­կան բաժ­նին մէջ ա­շա­կերտ­ներ հան­դէս ե­կան խմբերգ­նե­րով Էր­լին Թո­մաօղ­լուի մա­կա­նին ներ­քեւ։ Վար­ժա­րա­նի սա­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին պա­րեր, նաեւ հան­դէս ե­կան խմբա­յին ար­տա­սա­նու­թիւ­նով մը։ Էպ­րու Թու­մա­նեան եւ Ար­փի Ա­սա­տու­րեան հան­դէս ե­կան միաս­նա­բար՝ ներ­կա­յաց­նե­լով «Աղ­թա­մար» գոր­ծը։ Հան­դի­սա­տես­նե­րը հե­տե­ւե­ցան նաեւ Գալ­ֆաեա­նի վե­րա­բե­րեալ տե­սե­րի­զի մը։

Յայ­տագ­րի գոր­ծադ­րու­թեան ա­ւար­տին հա­տուե­ցաւ 150-ա­մեա­կի կար­կան­դա­կը ու ձեռ­նար­կը եզ­րա­փա­կուե­ցաւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի հուսք բան­քով եւ ա­ղօթ­քով։

              

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2016