ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ԽԱՐԻՍԽ
Գարակէօզեան Տան ընտանիքը շաբաթավերջին ապրեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Դպրոցի պատմական համալիրի եւ նորակառոյց KEY Plaza-ի միջեւ կառուցուած գեղարուեստական աշխատանոցին հանդիսաւոր բացումը համախմբեց թէ՛ Գարկէօզեանի ընտանիքը եւ թէ համայնքային շրջանակները։ Հարկ է նշել, որ այդ հատուածէն ներս, Գարակէօզեան սանուց միութեան նախկին շէնքի գտնուած տարածքին վրայ պիտի կառուցուի ընդարձակ ընկերամշակութային կեդրոն մը եւ շաբաթավերջին բացումը կատարուած այս աշխատանոցը կը հանդիսանայ անոր մէկ բաժինը։ Երբ որ ծրագիրը ի կատար ածուի, իսկապէս մեր համայնքին ու մեր երիտասարդութեան տեսակէտէ շատ կարեւոր քայլ մը առնուած պիտի ըլլայ։
«Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստական աշխատանոցը օժտուած է ֆիզիքական բոլոր հնարաւորութիւններով եւ արդի սարքաւորումներով։ Սա բառին բուն իմաստով ստեղծագործութեան խարիսխ մըն է, որովհետեւ այդ երդիքին տակ հնարաւոր է ծաւալել բազմակողմանի գործունէութիւն։ Մինչ Գարակէօզեան ընտանիքի անդամները շաբաթավերջին ապրեցան արդար խանդավառութիւն մը, համայնքային շրջանակներն ալ ողջունեցին այս վիթխարի ձեռքբերումը։ Բոլորի բարձր տրամադրութիւնը պայմանաւորուած էր նոր հեռանկարներու ակնկալութեամբ։
Գեղարուեստական այս աշխատանոցը Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան տեղին կարգադրութեամբ անուանուեցաւ Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլի անունով։ Սա երախտագիտական զգացումի մը դրսեւորումն է անտարակոյս։ Արդարեւ, Տիգրան Կիւլմէզկիլ արդէն 15 տարիէ ի վեր կը գլխաւորէ Գարակէօզեան Տան խնամակալութիւնը եւ իր տեսլականով այս հաստատութեան ճակատագիրը ենթարկած է փոփոխութեան։ Իսկ իր բարեյիշատակ կողակիցը՝ Նատիա Կիւլմէզկիլ, որ մօտաւոր անցեալին իսկապէս անժամանակ ձեւով հրաժեշտ առաւ, միշտ խանդավառ մասնակցութիւն կը բերէր Գարակէօզեանի ձեռնարկներուն։ Հետեւաբար, մեր համայնքի արդի պատմութեան մէջ առանձնացած է անոնց կողմէ ներդրուած վաստակը եւ այս գեղարուեստական աշխատանոցին անոնց անունով կոչուիլը այդ վաստակի արժեւորման տեսակէտէ ունի խոր իմաստ։
Գեղարուեստական աշխատանոցի պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը գլխաւորեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Հայ Կաթողիկէից Արքեպիսկոպոսարանէն Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան եւ համայնքային շրջանակներէն բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր։ Այս հանդիսութիւնը միեւնոյն ժամանակ առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի մօտաւոր անցեալին նշուած Գարակէօզեանի 100-ամեակի յոբելենական ձեռնարկներու կարգադիր յանձնախումբերու անդամները դառնան երախտագիտութեան առարկայ։ Նոյնպէս, KEY Plaza-ի շինարար Մեհմէտ Ույանօղլուն ալ մեր համայնքային շրջանակներուն կողմէ ողջունուեցաւ՝ այս կարեւոր ձեռքբերումին շնորհիւ։ Շինարարութեան ծրագրին համար ունեցած լուրջ ներդրման տեսակէտէ մեծարուեցաւ նաեւ մեր ազգայիններէն Նշան Գարա։
Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ ուսուցչուհի Մարի Արզումանի հանդիսավարութեամբ։ Ցուցադրուեցաւ Գարակէօզեանի պատմութեան ու ներկայ գործունէութեան վերաբերեալ տեսանիւթ մը։ Ելոյթներով հանդէս եկան վարժարանի տնօրէնուհի Արուսեակ Մոնէ, Խնամակալութեան ժրաջան անդամներէն Սեւան Չավուշեան եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ արտասանեց օրհնութեան խօսք մը, որու ընթացքին ընդգծեց, որ հայ ժողովուրդը ամբողջ աշխարհի մէջ բարի համբաւ ձեռք բերած է իր արուեստագէտներու ստեղծագործութիւնով։ Ուստի, ան յոյս յայտնեց, թէ այս նորակառոյց գեղարուեստական աշխատանոցն ալ գետին պիտի պատրաստէ մեր նոր սերունդի տաղանդներու յայտնաբերման համար։
Յայտագրի գործադրութենէն վերջ հանդիսաւորապէս հատուեցաւ խորհրդանշական կարմիր ժապաւէնը եւ ներկաները շրջայց մը կատարեցին գեղարուեստական աշխատանոցէն ներս, ուր միեւնոյն ժամանակ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։ Բոլորը ջերմ զգացումներով շնորհաւորեցին այս ծրագրին կեանքի կոչուիլը, Տիգրան Կիւլմէզկիլին նկատմամբ յայտնեցին գնահատանք եւ անկեղծ զգացումներով վերյիշեցին հանգուցեալ Նատիա Կիւլմէզկիլը։
Թրքահայ կեանք
- 11/25/2024
- 11/25/2024