Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՏԻԱՐՊԱՔԸՐ

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս օրերուն կ՚այցելէ Տիարպաքըր։ Կը տեղեկանանք, որ նորին սրբազնութիւնը իր կեցութեան օրերուն կ՚այցելէ քաղաքի հայկական եկեղեցիները։ Ինչպէս ծանօթ է, քաղաքի պատմական կեդրոնի Ս. Կիրակոս եկեղեցին վերջին շրջանին կրած է ֆիզիքական լուրջ վնաս։ Մօտաւոր անցեալին լուրջ ներդրումով մը վերանորոգուած այս եկեղեցւոյ պարագային յառաջիկայ շրջանին դարձեալ անհրաժեշտ պիտի դառնայ վերանորոգութիւն մը։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շփումներ կ՚ունենայ նաեւ քաղաքի իշխանութիւններուն եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Կեցութեան տեւողութեան նորին սրբազնութիւնը կ՚այցելէ նաեւ իր ծննդավայրը՝ Սիլվան։

Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) ատենադպիր Յարութիւն Շանլը անցեալ ամրան թերթիս տուած հարցազրոյցին մէջ յայտնած էր, որ Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդը պետական պատկան իշխանութիւններէն լուրջ գումար մը ստացած է՝ որպէս հատուցում։ Եկեղեցւոյ ապասեփականացուած տարածքներէն մէկուն համար վճարուած է այդ հատուցման գումարը։ Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդը ցարդ պաշտօնապէս որեւէ բացատրութիւն չէ տուած այդ գումարներու եւ անոնց արժեւորման համար որդեգրուած ճանապարհի պարագային։  

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2017