VADİP-Ի ԵՐԷԿՈՒԱՆ ԺՈՂՈՎԸ ԱՆԱԿՆԿԱԼՕՐԷՆ ՏԵՂԻ ՉՈՒՆԵՑԱՒ

Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) երէկուան ժողովը յետաձգուեցաւ անակնկալօրէն։ VADİP-ի դիւանը նախապէս տեղեկացուցած էր, որ ընդհանուր ժողովի 2017-2018 շրջանի առաջին նիստը տեղի պիտի ունենար երէկ երեկոյեան՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Պիլէք» հանգստարանի սրահին մէջ։ Երէկ առաւօտեան ժամերուն հարթակի քարտուղարութեան կողմէ հաղորդուեցաւ, որ անակնկալ ստիպողութիւնով մը յետաձգուած է ժողովը։ Որպէս պատճառաբանութիւն հաղորդուեցաւ, որ VADİP-ի ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի ծրագիրը ենթարկուած է անակնկալ փոփոխութեան։ Այս պայմաններուն ներքեւ յետաձգուած է հարթակին ժողովը։ Հարկ է նշել, որ VADİP-ի երէկուան յետաձգեալ ժողովին նախատեսուած էր նաեւ մասնակցութիւնը Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի։

Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, երէկ առաւօտեան ժամերուն Պետրոս Շիրինօղլու Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ VADİP-ի ատենադպիր Յարութիւն Շանլըի, Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճանի եւ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի հիմնադրի ներկայացուցիչ Վարուժան Պուլկանի հետ։ Այս առաւօտ ալ Շիրինօղլու տեսակցեցաւ մեր փորձառու համայնքային գործիչներէն Մելքոն Քարաքէօսէի հետ։ Սոյն զրոյցներու բովանդակութեան կապակցութեամբ ատենապետի անմիջական գործակիցներու շրջանակէն որեւէ տեղեկութիւն չփոխանցուեցաւ։

Համայնքային շրջանակներէ ներս վերջին օրերուն շրջանառութեան մէջ մտած էին կարգ մը լսումներ, որոնք պատճառ դարձած էին լուրջ մտահոգութեան։ Ըստ այդ լսումներուն, VADİP-ի ժողովը պիտի անցնէր փոթորկալից մթնոլորտի մը մէջ՝ համայնքային հը-րատապ օրակարգի բերումով կուտակուած հարցականներուն, առկայ անորոշութեան եւ այդ բոլորով պայմանաւորուած լարուածութիւններուն ազդեցութեամբ։ Ուստի, չի բացառուիր, որ Պետրոս Շիրինօղլու պատասխանատուութիւն ստանձնած, նախաձեռնութիւնով մը հանդէս եկած ըլլայ՝ կանխելու համար փոթորկալից ժողով մը, ինչ որ համայնքի ներկայ իրադրութեան տեսանկիւնէն բացարձակապէս պիտի չըլլար նպատակայարմար։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2017