ՍԵՐՆԴԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ

Երէկուան օրը իսկապէս յատկանշական էր թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի արդի տարեգրութեանց տեսակէտէ։ Այսպէս, շուրջ 15 տարի վերջ ընտրութիւն տեղի ունեցաւ մեր համայնքային մարմիններու եւ թաղային խորհուրդներու կազմերու վերանորոգութեան համար։ Մօտաւոր անցեալին Օրթագիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի կազմին համար կատարուած եւ բացառապէս աւելի կանուխ տեղի ունեցած քուէարկութենէն վերջ, երէկ, համայնքային ընտրութիւնները սկսան ամբողջական թափով տեղի ունենալու։ Այս գործընթացը պիտի շարունակուի մինչեւ տարեվերջ՝ իրերայաջորդ քուէարկութիւններով։ Նկատի ունենալով, որ արդէն 15 տարուան ընդհատումէ մը վերջ ընտրութիւն տեղի կ՚ունենայ համայնքին մէջ, այստեղ արդէն անխուսափելիօրէն խնդրոյ առարկայ է սերնդափոխութեան պահ մը։ Սա, բնականաբար, ճակատագրական նշանակութիւն ունի թրքահայ իրականութեան տեսակէտէ։

Երէկ, մեր 10 եկեղեցիներուն համար տեղի ունեցաւ թաղային խորհուրդի ընտրութիւն։ Իսթանպուլի Բ. եւ Գ. ընտրաշրջաններէն ներս տեղի ունեցան ընտրութիւնները։ Ընդհանուր առմամբ, այս երկու ընտրաշրջաններուն մէջ աւելի քան 7 հազար հոգի փութաց քուէատուփի մօտ։ Համայնքային ընտրութեան մասնակցելու պատասխանատուութեան գիտակցութիւն ցուցաբերած այս զանգուածը ինքնին կ՚ապացուցանէ, թէ ընտրեալ վարիչները ունին բաւարար ներկայացուցչական հանգամանք, անհրաժեշտ ժողովրդական յենարան եւ ամենակարեւորը՝ այս զանգուածը կու գայ նաեւ յստակօրէն ի յայտ բերել, որ սերնդափոխութեան հարցը այս համայնքի բոլոր խաւերուն տեսակէտէ կը համարուի առաջնահերթ։

Իսթանպուլի Բ. ընտրաշրջանէն ներս երէկ ընտրութիւն տեղի ունեցաւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց, Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին, Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ, Պոյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց, Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին, Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս, Էյուպի Ս. Եղիա եւ Խասգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներուն համար։ Այս ընտրաշրջանի 8 մատակարար մարմիններուն համար 4 կէտի վրայ քուէարկութիւն տեղի ունեցաւ։ Այսպէս, քուէատուփերը զետեղուած էին Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ, Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ եւ Գարակէօզեան Տան համալիրներէն ներս։ Ըստ անպաշտօն տուեալներու, 3056 հոգի մասնակցեցաւ երէկուան քուէարկութեան։ Ֆէրիգիւղի մէջ քուէարկեց 1648 հոգի, Սամաթիոյ մէջ՝ 605 հոգի, Գարակէօզեանի մէջ 514 հոգի եւ Գուրուչէշմէի մէջ 289 հոգի։

Բ. ընտրաշրջանէն ներս Սելինա Տողանի կողմէ գլխաւորուած ընտրական մարմինը կանոնաւոր ու համակարգուած աշխատանք տարած էր եւ շնորհիւ այդ նախանձախնդրութեան քուէարկութիւնը ընթացաւ հարթ ու խաղաղ մթնոլորտի մը մէջ։

ՖԷՐԻԳԻՒՂ

Այս ընտրաշրջանէն ներս, անշուշտ, բոլորին ուշադրութիւնը առաջին հերթին Ֆէրիգիւղի վրայ կեդրոնացած էր։ Մեր ամենահայահոծ թաղի պարագային արդէն ընտրութենէն առաջ համախոհութեան մթնոլորտ մը ստեղծուած էր։ Թէեւ Ֆէրիգիւղի պարագային մրցակցութիւն չկար, սակայն սա արգելք մը չեղաւ, որպէսզի այնտեղ անմիջական ուշադրութեան առարկայ դառնայ։ Այսպէս, բազմամեայ ատենապետ Մանուկ Էօղէրի կողմէ գլխաւորուած խումբը երէկուան ընտրութիւնով իրաւունք շահեցաւ յառաջիկայ շրջանին եւս թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնելու, ինչ որ համայնքային շրջանակներէն ներս մեծ գոհունակութեան առիթ դարձաւ։ Յառաջիկայ շրջանին Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին մաս պիտի կազմեն հետեւեալ անունները.

Արեգ Մումճու, Ազնիւ Նատիա Մեծատուրեան, Ճանէր Փոլատ, Կարինէ Գարէն Թէրզեան, Հայքօ Հայկազ Օտապաշը, Ժիւլիէթ Տեմիրճիօղլու, Քորայ Աշճը, Մուրատ Էօղէր, Նուրհան Փալաքօղլու, Շանթ Էօզպիւլպիւլ, Շինար Պէշիկթաշլեան, Դալար Էլակէօզ-Պետիկօղլու, Ալեքս Քիւրքճեան, Անէթ Մեհթերեան, Առէն Աւետիսեան, Յակոբ Ալեքսանեան, Սայաթ Չընար։

ՊԷՇԻԿԹԱՇ

Բ. ընտրաշրջանէն ներս մրցակցութիւն կար Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եւ Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներուն համար։ Պէշիկթաշի համար թեկնածութիւն առաջադրած էին Կարօ Վարժապետեանի գլխաւորած կապոյտ եւ Սեդրակ Կիւլէրի գլխաւորած կարմիր ցուցակները։ Քուէարկութեան արդիւնքով թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնելու իրաւունք շահեցաւ կապոյտ ցուցակը։ Ուստի, Պէշիկթաշի նորընտիր թաղային խորհուրդը ձեւաւորուեցաւ ըստ հետեւեալի.

Կարապետ Վարժապետեան, Արէտ Չիլինկիր, Շարա Մարաշլեան, Յովհաննէս Սէօզիւտողրու, Համբարձում Արա Քազար, Արամ Համբարձում Պինկիւլ, Աղաւնի Անաչայ, Մարտիրոս Իվաթկիլ, Արեգ Կէօվէր, Ալէն Փիլիպպոսեան, Ժանօ Քասալ։

ԵՆԻԳԻՒՂ

Ենիգիւղի մէջ ալ ընտրապայքար խնդրոյ առարկայ էր նարնջագոյն եւ կապոյտ ցուցակներուն միջեւ։ Քուէարկութեան արդիւնքով թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնելու իրաւունք շահեցաւ նարնջագոյն խումբը։ Ուստի, Ենիգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը ձեւաւորուեցաւ հետեւեալ կազմով.

Արարատ Կիւրկէն, Արթուն Թոքաթլըօղլու, Պօղոս Գէորգ Մալխասեան, Կարպիս Գալայճեան, Մուրատ Արէտ Մարտիկեան, Սարօ Պիրոլ Օսքան, Սելվին Բարունակեան-Էօզկիւլ, Թամար Սինանօղլու-Կէօքչէօղլու, Լորի Զօրվարեան, Արէտ Քիս, Լինտա Չեթինքայա։

ԳՈՒՐՈՒՉԷՇՄԷ

Երէկուան ընտրութիւններով Գուրուչէշմէի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի կազմը ձեւաւորուեցաւ ըստ հետեւեալի.

Լեւոն Պերճ Գուզիքօղլու, Տալիտա Սիրանոյշ Զիլման, Առնօ Եդուարդ Պենկլեան, Հայկ Ճիհանկիւլ, Ալէն Գահրաման, Սելին Տանիէլ, Ռոպէր Կիւտիւճիւ, Սայաթ Ճիրօղլու, Ռոյ Կամսարական, Անդրանիկ Աւիթօղլու, Շարա Մարաշլեան։

ՊՈՅԱՃԸԳԻՒՂ

Երէկուան քուէարկութիւնով Պոյաճըգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնեցին հետեւեալ անունները.

Պուրակ Ալէն Էօզսահակեան, Անգինէ Էվեափան, Իսքենտէր Պաքըրկիլ, Գասպար Զաքարեան, Նայեատ Էլպէ, Նազարէթ Էօզսահակեան, Եդուարդ Ալեանաքեան, Վարդան Մէյտան, Վարդան Քանթարճըօղլու, Նատին Նալպանտեան, Քորայ Շիրինփընար։

ԿԷՏԻԿՓԱՇԱ

Երէկուան քուէարկութեան լոյսին տակ Կէտիկփաշայի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի կազմը ձեւաւորուեցաւ ըստ հետեւեալի.

Մանուկ Գալայճեան, Լարա Մեծատուր, Առնօ Եդուարդ Պենկլեան, Նուրհան Տէօնէր, Մուրատ Քէօշկէր, Լիանա Պենլի, Ժիրայր Աքմերճան, Սեւան Պաքըրճը, Սեւան Հալաճեան, Մկրտիչ Սուճու, Պեսսէ Քապաք, Հերման Վեսքէ, Արման Կիւլմէզկիլ, Հերման Ադամ Աքչէօղլու։

ԷՅՈՒՊ Ս. ԵՂԻԱ

Էյուպի Ս. Եղիա եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը երէկուան ընտրութիւններով ձեւաւորուեցաւ ըստ հետեւեալի.

Միսաք Կիւլիւք, Արման Կիւլիւք, Էլվին Թաշքէօփրիւ, Իսա Չելիք, Արտա Մըխճեան, Մելիք Ռուբէն Մըխ-ճեան, Իսա Նալպանտ, Առնօ Չալըշքան, Կիւլքըզ Չելիք, Յարութիւն Հարուն Ըշըթման, Սարգիս Եըլտըրըմ։

ԽԱՍԳԻՒՂ

Խասգիւղի երբեմնի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը երէկուան քուէարկութեան լոյսին տակ կազմուեցաւ ըստ հետեւեալի.

Կարպիս Շիմշէք, Յակոբ Ալեքսանեան, Սարգիս Չավուշեան, Ալին Տավութհան-Էօզպիւլպիւլ, Նշան Նուրհան Մալխասեան, Արեգ Մումճու, Արէտ Յակոբ Սիւրմէեան, Էրոլ Տիվանեան, Ալէն Փալանճը, Առնօ Եդուարդ Պենկլեան, Արիանա Գազանճեան-Մելէք։

Գ. ԸՆՏՐԱՇՐՋԱՆ

Իսթանպուլի Գ. ընտրաշրջանին մէջ երէկ բոլոր ընտրութիւնները աւարտեցան։ Այս ընտրաշրջանին մաս կը կազմեն միայն Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եւ Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցիները։ Քուէատուփերն ալ զետեղուած էին այս երկու եկեղեցիներուն մէջ։ Թէ՛ Եշիլգիւղի եւ թէ՛ Պաքըրգիւղի մէջ ընտրութեան մասնակիցները հնարաւորութիւն ունեցան քուէարկելու այս երկու եկեղեցիներուն համար։ Ընտրութեան մասնակցեցաւ 4858 հոգի։ Մուրատ Էօզքանի կողմէ գլխաւորուած ընտրական մարմինը ծաւալեց յաջող աշխատանք եւ Գ. ընտրաշրջանէն ներս ամէն ինչ ընթացաւ հեզասահ։ Երկու եկեղեցիներու պարագային ալ արդէն կար մրցակցութիւն։

ՊԱՔԸՐԳԻՒՂ

Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնելու համար կապոյտ եւ դեղին ցուցակները մտած էին մրցակցութեան։ Արդիւնքին Կապոյտ ցանկը հասաւ առաւելութեան եւ Պաքըրգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին մաս կազմելու իրաւունք շահեցան հետեւեալ անունները.

Մարի Եանճը, Նուպար Մանավեան, Արթօ Մըխճեան, Եէլիզ Էօղրէթ, Կարապետ Կելիր, Քոզէթ Աւանուս, Իւմիթ Պալըք, Գրիգոր Իշլէր, Եդուարդ Աթընըզ, Յարութիւն Եիւճելսէն, Երուանդ Սվաճըօղլու։

ԵՇԻԼԳԻՒՂ

Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին ղեկը ստանձնելու համար մրցապայքարի մէջ էին կանաչ եւ սպիտակ ցուցակները։ Արդիւնքին թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնելու իրաւունք շահեցաւ սպիտակ ցուցակը, որուն մաս կը կազմեն հետեւեալ անունները.

Արաս Չաղլըուզուն, Արէտ Շիրին Թաթլըտիլ, Արման Չուլհաճը, Էրոլ Արա Չընար, Կարէն Կէրկէրլի, Կիւնէր Շահին Պաղ, Հապիպ Էօզֆուրունճու, Ժանէթ Կարմիրեան, Ժիլպէռ Պարտիզեան, Գէորգ Էօզգարակէօզ, Մարիա Հազարեան-Էրշէն, Մուրատ Կէօրէյ, Նուրիձա Կէզէր, Նուարդ Տէյիրմենճի, Յովհաննէս Իւրնէշլիօղլու։

Երէկուան ընտրութիւններու արդիւնքը ընտրական մարմիններուն կողմէ այսօր կը ներկայացուի Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան Իսթանպուլի մասնաճիւղին, որպէսզի համայնքի հաւանութեան արժանացած ընտրեալ վարչայինները ունենան պաշտօնական անհրաժեշտ վաւերացումը։

      

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2022