«ԱՐԱՍ» ԵՒ «ԻՍԹՈՍ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ԳՐՔԻ ԵՐԿՕՐԵԱՅ ՀԱՄԱՏԵՂ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ ՄԸ ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒՑԻՆ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՄԷՋ

«Ա­րաս» եւ «Իս­թոս» հրա­տա­րակ­չու­թիւն­նե­րը շա­բա­թա­վեր­ջին գրքի եր­կօ­րեայ հա­մա­տեղ տօ­նա­վա­ճառ մը ի­րա­կա­նա­ցու­ցին Պէ­յօղ­լուի մէջ, ինչ որ ար­ժա­նա­ցաւ գրա­սէր­նե­րու ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան։ Ա­մա­նո­րի նա­խօ­րեա­կին զու­գա­դի­պած այս ձեռ­նար­կը ի­րա­կա­նա­ցուե­ցաւ Իս­թիք­լալ պո­ղո­տա­յի Փա­նաիա Ի­սո­տիոն յու­նաց ե­կե­ղեց­ւոյ բա­կէն ներս։

Այս եր­կու հրա­տա­րակ­չա­տու­նե­րուն ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ու­նի նմա­նու­թիւն­ներ։ Ար­դա­րեւ, ե­թէ «Ա­րաս» իր հրա­տա­րա­կած գոր­ծե­րով լայն հա­սա­րա­կու­թեան կը ծա­նօ­թաց­նէ հայ­կա­կան մշա­կոյթն ու ժա­ռան­գու­թիւ­նը, ա­պա «Իս­թոս» նման գործ մը կը տես­նէ յոյն հա­մայն­քի պա­րա­գա­յին։ Այ­սինքն, ա­նոնք ի­րենց գոր­ծու­նէու­թիւ­նով լոյս կը սփռեն երկ­րի փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու ժա­ռան­գու­թեան վրայ եւ ի­րենց ար­տադ­րան­քով կը նպաս­տեն, որ­պէս­զի ըն­թեր­ցա­սէր­նե­րը շատ ա­ւե­լի ամ­բող­ջա­կան ու կա­տա­րեալ պատ­կե­րա­ցում մը ու­նե­նան մեր աշ­խար­հագ­րու­թեան մտա­ւոր հարս­տու­թեան մա­սին։

Թէ՛ Շա­բաթ եւ թէ Կի­րա­կի, այս եր­կու հրա­տա­րակ­չու­թիւն­նե­րը ըն­թեր­ցա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան տրա­մադ­րու­թեան տակ դրին ա­ւե­լի քան եր­կու հա­րիւր գիր­քեր։ Կէ­սօ­րուան ժա­մե­րէն սկսեալ մին­չեւ օ­րուան վեր­ջա­ւո­րու­թիւ­նը ա­նոնց տա­ղա­ւա­րը բա­նուկ կէտ մը հան­դի­սա­ցաւ այս շա­բա­թա­վեր­ջին Պէ­յօղ­լուի մէջ եւ այս եր­կու հրա­տա­րակ­չու­թիւն­նե­րը ա­մա­նո­րեան տօ­նա­վա­ճա­ռին շար­ժա­ռի­թով ի­րենց ար­տադ­րան­քը 50 տո­կոս զեղ­չով ներ­կա­յա­ցու­ցին ըն­թեր­ցա­սէր­նե­րուն։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2015