ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմօրէն ողջունեց Ֆէրիգիւղի թաղականները եւ անգամ մը եւս շնորհաւորեց իրենց ընտրութիւնը՝ մանաւանդ, որ անոնք շուտով ստացած էին նաեւ իրենց պետական վաւերացումը։ Թաղականները, որոնք վաւերացումը ստանալէն վերջ օրհնութիւն ստանալու համար ներկայացած էին Պատրիարքարան, Նորին Ամենապատուութեան հետ զրուցեցին անմիջական մթնոլորտի մը մէջ։ Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը արգասաբեր գործունէութեան շրջան մը մաղթեց Ֆէրիգիւղի նորընտիր թաղականներուն համար։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2022